ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Կանանց միջազգային օրուան առիթով կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան գաղափարը միաւորած է Երեւանի, Լոռիի եւ Շիրակի մարզերէն կիներ ու այրեր, ինչպէս նաեւ քիւրտեր, հաշմանդամներ։
Երեւանի Իսահակեանի արձանի մօտէն ընթացք առած է կանանց իրաւունքներու միջազգային օրուան նուիրուած քայլարշաւը։ Կին գործիչները թմբուկներ զարկելով, կիներու իրաւունքները պաշտպանող նշանաւոր անձնաւորութիւններու լուսանկարներով Աբովեան փողոցով ուղղուած են դէպի Հիւսիսային պողոտայ:
«Մենք պայքարում ենք, որ իրաւահաւասարութեան սահմանուի կանանց ու տղամարդկանց միջեւ, վերացուեն այն խտրականութիւննները, որոնց բախւում է հայ կինը հէնց ծնունդից: Դեռ չծն-ուած՝ որոշում են՝ մենք ծնուենք, թէ ոչ: Սելեկտիւ աբորտների թուով Հայաստանը երկրորդ տեղն է գրաւում աշխարհում, իսկ ծնունդից յետոյ մենք ստիպուած ենք լինում պայքարել կարծրատիպերի դէմ, որ մեր վզին են փաթաթում աւանդաբար», «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է քայլարշաւի մասնակիցներէն Էլվիրա Մելիքսէթեան:
«Կանանց իրաւունքի օր ամէն օր», «Կանայք տարբեր են», «Որոշումն իմն է», «Ո՛չ հայրիշխանութեանը, ոչ տէրերին», «Կնոջ տեղն այնտեղ է, որտեղ նա ուզում է», «Չեմ լռելու», «Դիպլոմը օժիտ չէ», «Կարմիր խնձորը ուտելու համար է», «Մազերս երկար է, խելքս աւելին» կոչերով գործիչներու հարթակի քանի մը տասնեակ ներկայացուցիչներ քայլարշաւը աւարտած են Կարապի լիճին մօտ:
Քայլարշաւին մասնակից կիները կը կրէին շապիկներ՝ հետեւեալ գրառումներով. «Հաւասարութիւն», «Կինն ու տղամարդը հաւասար են», «Ուզում եմ ապրել»:
Քայլարշաւին ընթացքին անոնք կիներու իրաւունքներուն մասին իրազեկող թռուցիկներ բաժնած են երեւանցիներուն:
Անոնք նաեւ բարձրացուցած են պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր. «Զինծառայող ազատամարտիկ», «Մայր», «Քոյր», «Ձեռնարկատէր», «Մոդել», «Արուեստագէտ», «Դուստր» գրութեամբ պաստառներ:
«Սրանք կանանց դերերն են, որ կան: Հիմքում դրել ենք այն, որ միշտ չէ, որ կան այդ դերերը հայ կանանց դէպքում», պաստառները մեկնաբանելով ըսած է երթին մասնակիցներէն մէկը։