ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
«Գիտնամ, որ երկու տարիով պիտի ազատիմ՝ խնդիր չէ, կ՛երթամ կը լրացնեմ այդ պատիժը: Բայց տակաւին բազում դատեր կը շարունակուին իմ դէմ: Բանտարկութենէս ետք յանկարծ եթէ անոնք ալ պատիժով աւարտին, կրնամ կեանքիս մինչեւ վերջը բանտը մնալ»:
Այսպէս ըսած էր Սեւան Նշանեան, «Ակօս» իր վերջին այցելութեան ընթացքին: Դատախազը երկրէն դուրս ելլելու արգելք չէր դրած: Արդէն ինքն ալ քանի մը օրուան համար արտասահման գնաց ու ապա վերադարձաւ: Վերադարձաւ, որպէսզի փորձանք ըլլայ իր հակառակորդներուն գլխուն:
Որպէս երկիրը ճանչցող մտաւորական՝ չէր սխալած իր կանխատեսումներուն մէջ: Բանտ մտնելէն կարճ ժամանակ ետք սկսան իրերայաջորդ վճիռներ արձակուելու իրեն դէմ: Ներկայ դրութեամբ, ան արդէն դատապարտուած է աւելի քան 11 տարիներու բանտարկութեան: Եւ դատերը տակաւին կը շարունակուին… Չարագուշակ ենթադրութեամբ մը, Նշանեանի դէմ բանտարկութիւնը կրնայ հասնիլ 25 տարիի:
Պարզ ու պարկեշտ միտքով եթէ դատենք, կասկած չկայ, որ Սեւան Նշանեանի բանտարկութիւնը մե՛ծ ամօթ մըն է Թուրքիոյ հաշուոյն: Նշանեան մեծու թիւ մըն է: Ստեղծագործ պայծառ միտք է Սեւան Նշանեանը: Այդ իսկ պատճառաւ՝ իր ձեռնարկած բոլոր գործերէն յաջողութեամբ դուրս եկած:
Շիրինճէ գիւղը, որ Իզմիրի մերձակայ զբօսաշրջային կարեւոր կեդրոն մը կը համարուի այսօր, ոչ մէկ նշանակութիւն ունէր այն օրերուն, երբ Նշանեան առաջին անգամ այցելեց հոն: Հին յունական գիւղ մըն էր Շիրինճէ, որուն բնակիչները բնակչութեան փոխանակման ծրագիրով պարտադիր գաղթի ենթարկուած եւ ղրկուած էին Յունաստան: Նոյն պարտադիր գաղթով Յունաստանէն եկած թուրքերն ալ բնակեցուած էին Շիրինճէ: Սակայն այս վերջինները ոչ մէկ կերպով համակերպած էին այս պատմական գիւղին: Անոնք շուտով լքեցին իրենց տրամադրուած այդ գիւղը եւ բնակութիւն հաստատեցին մօտակայ Սելչուկի եւ Իզմիրի մէջ:
Սեւան Նշանեան իր կնոջ հետ միասին կիսափուլ տուն մը գնեց եւ սկսաւ այդ տունը իր բնօրինակին համապատասխան կերպով վերակառուցելու: Արդիւնքը զարմանք պատճառեց բոլորին: Ան ապա գնեց երկրորդ եւ երրորդ եւ չորրորդ տուներ, բոլորն ալ վերանորոգեց՝ առաջին օրինակին հետեւելով: Սկսաւ տուները հիւրանոցի նման շահագործելու: Գիւղի սակաւաթիւ բնակիչները ուրախ էին այս զարգացումէն, քանի որ անտեսուած այս վայրը հիմա կ՛արժանանար այցելուներու ուշադրութեան:
Անոնցմէ ոմանք համեստ ճաշարաններ սարքեցին, ոմանք՝ գիւղական արտադրութիւն վաճառող փոքրիկ խանութներ, եւ այսպիսով՝ եռուզեռ գոյացաւ այդ ամայի գիւղէն ներս:
Սեւան Նշանեանի միտքի թռիչքը անսահման է: Իր վաղեմի բարեկամին՝ թուաբանագէտ փրոֆ. Ալի Նեսինի հետ հիմնեց «Ուսողութեան Գիւղ» մը: Գիւղը իսկոյն արձագանգ գտաւ թուաբանութեան համաշխարհային շրջանակներէն ներս: Բազմաթիւ օտար գիտնականներ կապ հաստատեցին Նշանեանի եւ Նեսինի հետ, գիւղը այցելելու եւ այնտեղ թուաբանութիւն դասաւանդելու համար:
Վրայ հասաւ ուրիշ նախաձեռնութիւն մը՝ «Թատրոնի Լսարան»: Ան կը սիրէր իշխանութիւններուն կեղծ սրբութիւններուն հետ ծիծաղիլ: Իր անունով աշտարակ մը կառուցեց եւ ժայռափոր գերեզման մը: «1000 տարի ետք Թուրքիոյ հանրապետութիւն չի մնար, բայց իմ աշտարակն ու գերեզմանը կը մնան»: Լեզու երկարած էր իսլամներու մարգարէին՝ ըսելով, թէ «չեմ կրնար սուրբ համարել իր առեւտրական շահերուն եւ կնամոլութեան համար Աստուծոյ անունով պատգամներ փոխանցող մէկը»:
Պետութիւնը այս ելոյթներուն համար չէր կրնար պատժել Նշանեանը, ուստի դիմեց զարտուղի միջոցներու… Մեղադրեց ապօրինի շինութեան յանցանքով։ Սեւան սա պահուն թէ՛ կը բոլորէ բանտի դաժան պայմանները, եւ թէ զրկուած է իր գրական ու գիտական աշխատութիւններէն:
Բոլորիս կը վիճակուի իշխանութիւններուն մօտ ճնշում բանեցնել՝ Նշանեանի ազատութիւնը ապահովելու համար:
pakrates@yahoo.com