ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Փոլիթիքօ».- Անցած շաբաթավերջին, Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեանց նախնական ընտրութիւններ տեղի ունեցան 5 նահանգներու եւ Փորթօ Ռիքօ կղզիին մէջ։
Դեմոկրատ թեկնածուի ընտրութեան պայքարին մէջ, Պըրնի Սենտըրզ յաղթանակներ արձանագրեց Քենզասի, Մէյնի եւ Նըպրեսքայի մէջ, մինչ ցարդ առաջատար Հիլըրի Քլինթըն յաղթական դուրս եկաւ Լուիզիանայի ընտրապայքարէն։
Հանրապետականներու պարագային, Թետ Քրուզ յաղթանակ արձանագրեց Քենզասի եւ Մէյնի մէջ, մինչ առաջատար Տանըլտ Թրամփ՝ Քընթաքիի եւ Լուիզիանայի մէջ։ Մարքօ Ռուպիօ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, այս անգամ Փորթօ Ռիքոյի մէջ։