ՍԱՆԹԱ ՊԱՐՊԱՐԱ.- Այս տարուան քոնկրեսական ընտրութեանց իր թեկնածութիւնը առաջադրած Խաչօ Աշաճեանի ընտրապայքարը պաշտօնապէս ընթացք առաւ Շաբաթ, Փետրուար 27ին, ներկայութեամբ մեծ թիւով համակիրներու, որոնք կը կրէին ընտրապայքարին համար պատրաստուած՝ «#TeamKatcho» լօզունգը կրող շապիկներ, որպէսզի արարողութենէն անմիջապէս ետք սկսին ընտրապայքարին ի նպաստ այցելութիւններու։
Առաջին օրն իսկ, տասնեակներով կամաւորներ այցելցին աւելի քան 1000 բնակարաններ՝ Աշաճեանին զօրակցելու կոչ ընելով։
Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Սան Լուի Օպիսպօ շրջանէն երեք անգամ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ ընտրուած Աշաճեան ընտրապայքար կը տանի ներկայացնելու համար Քալիֆորնիոյ 24րդ ընտրատարածքը, որուն մէջ կ՛իյնան Սանթա Պարպարա եւ Սան Լուի Օպիսպօ գաւառներն ու Վենթուրա գաւառի որոշ հատուածներ:
Քաղաքական շրջանակներու կողմէ մեծապէս յարգուած անձնաւորութիւն մը ըլլալուն կողքին, Աշաճեան նաեւ շարք մը կարեւոր հայանպաստ քայլեր առած է՝ յատկապէս նահանգային վարժարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման ընդարձակումը ապահովելով եւ նահանգէն բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը Հայաստան եւ Արցախ այցելութիւնը առաջնորդելով։
Աշաճեան, 1971ին Սան Լուի Օպիսպօ հաստատուած է, իր մասնագիտական ուսումը շարունակելու համար տեղւոյն համալսարանին մէջ. 1981ին Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի դառնալէն ետք՝ ստանձնած է տեղական, գաւառային եւ նահանգային շարք մը պաշտօններ։ Ան աւելի քան 40 տարիներ ապրած ըլլալով քոնկրեսական 24րդ ընտրատարածքէն ներս՝ մօտէն ծանօթ է շրջանին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, եւ իբրեւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ՝ արդէն իսկ փաստած է, թէ կարողութիւնն ունի լաւապէս ներկայացնելու շրջանի քաղաքացիները եւ պաշտպանելու անոնց իրաւունքները։
Ընտրապայքարին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ անոր աջակցելու համար, այցելել www.Katcho2016.com կայքը։