ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄի Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղին եւ Իրաքահայերու ընտանեկան միութեան, հովանաւորութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ ներկայութեամբ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսի տեղակալ Վալերի Մկրտումեանի, Կիրակի, Ապրիլ 17ին, կ.ե. ժամը 5ին, տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակի ոգեկոչում։
Ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսն է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան. ընթացքին պիտի ցուցադրուի անոր պատրաստած «Journey To The Homeland» վաւերագրական ֆիլմը ու պիտի գործադրուի գեղարուեստական յայտագիր։
Ոգեկոչումը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահին մէջ (2215 E. Colorado Blvd.)։ Մուտքը ազատ է։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (310) 956-0530 կամ (818) 334-9990 թիւերուն։