ՄՈՍԿՈՒԱ, «Սփութնիքնիուզ».- Ռուսիոյ անջրպետային հետախուզութեանց մարզի երկարամեայ մասնագէտներէն Միքայէլ Վարդանեան տնօրէն նշանակուած է Ռուսիոյ կողմէ կառավարուող եւ Ղազախստանի մէջ գտնուող «Պայքոնուր» կայանին, որ դէպի անջրպետ մեկնող հրթիռներու արձակման Ռուսիոյ գլխաւոր կայանն է։
54ամեայ Վարդանեան արդէն իսկ 30 տարիներէ ի վեր «Պայքոնուր»ի աշխատակից է՝ ստանձնելով արհեստագիտական եւ վարչական զանազան պաշտօններ։