ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Փետրուար 14ին, աւելի քան 100 հայորդիներ հաւաքուած էին Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, իրենց մասնակցութիւնը բերելու Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինին (SARF) կազմակերպած համայնքային հաւաքին։
Հաւաքի գլխաւոր բանախօսն էր Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի հոգեւոր առաջնորդ վեր. Յարութիւն Սելիմեան, որ նաեւ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան միացեալ մարմինի անդամ է։
«Մեր համայնքին համար կարեւոր է Սուրիոյ իրադարձութեան ականատեսներէն տեղեկութիւններ ստանալ սուրիահայութեան վիճակին մասին։ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան յատկանշական տեղեկութիւններ փոխանցեց Սուրիոյ տարբեր շրջաններու հայութեան կարիքներուն եւ յատկացուող օժանդակութիւնները տեղ հասնցելու աշխատանքներուն մասին», կը յայտնէ Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինի անդամներէն Մհեր Դաւիթեան։
Հաւաքը սկսաւ Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինի անդամ Վազգէն Մատենլեանի բացման խօսքով։ Ան տեղեկութիւններ փոխանցեց Կիրակի, Փետրուար 21ին կայանալիք Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինի պատկերասփիւռային «Կեանք մը Փրկէ» դրամահաւաքին մասին, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ վեր. Սելիմեան՝ փոխանցելու իր զեկոյցը։
«Շատեր հարց կու տան, թէ որքա՛ն երկար պէտք է պայքարինք մեր համայնքը Սուրիոյ մէջ պահելու համար՝ անոր անդամները երկրէն հեռացնելու փոխարէն։ Անշուշտ պէտք է ողջ պահենք համայնքը, եւ այսօր տակաւին ժամանակը չէ հեռանալու, այլ պէտք է հո՛ն մնանք։ Պէ՛տք է պաշտպանենք տարբեր շրջաններու մեր համայնքները, եւ վստահ ենք, որ պատերազմի աւարտէն ետք համայնքը դարձեալ պիտի բարգաւաճի», վստահեցուց վեր. Սելիմեան։
Վեր. Յարութիւն Սելիմեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք անսալով Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինին՝ գործնականապէս նեցուկ կը կանգնին Սուրիոյ հայութեան, եւ կոչ ըրաւ մասնակցելու «Կեանք մը Փրկէ» դրամահաւաքին։
Եզրափակելով իր խօսքը՝ ան շեշտեց, թէ Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինը օգնած է հազարաւոր ընտանիքներու՝ ոչ միայն բարելաւելով անոնց ներկան, այլեւ երաշխաւորելով անոնց ապագան։
Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինի պատկերասփիւռային «Կեանք մը Փրկէ» դրամահաւաք-թելեթոնը պիտի սփռուի Փետրուար 21ին, կ.ե. ժամը 2էն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ժամը 8, պատկերասփիւռի հետեւեալ կայաններէն՝ «Horizon», «USArmenia», «ARTN/Shant», «PanArmenianTV», ինչպէս նաեւ՝ համացանցով։
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ նուիրատուութիւն կատարելու համար, այցելել SARFtelethon.org կայքը, կամ դիմել (866) 888-7273 թիւին։