ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԲԸՄը կը տեղեկացնէ, թէ իր համայնքային ծրագիրներու վարիչ նշանակած է Սուզան Սարգսեանը։
Սուզան Սարգսեան վարչական մարզին մէջ պսակաւոր գիտութեանց վկայական ստացած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղէն, ուր ներկայիս իր ուսումը կը շարունակէ, ստանալու համար մագիստրոսի վկայականը։
Պսակաւոր վկայականը ստանալէն ետք, Սուզան Սարգսեան աշխատած է Կլենտէյլի համայնքային քոլեճի ուսանողներուն աջակցելու գրասենեակին մէջ։
«Խանդավառ ենք, որ Սուզան Սարգսեան որոշած է այս պաշտօնը ստանձնել։ Ան իր հետ կը բերէ մեր ծրագիրներու աճն ու ընդարձակումը ապահովելու համար հարկաւոր ձիրքեր եւ նորարարական մօտեցումներ, որոնք պիտի հարստացնեն մեր կազմակերպութիւնը», կը յայտնէ ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային յանձնախումբի ատենապետուհի Թալին Եագուպեան։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել՝ www.agbuwesterndistrict.org կայքը։