ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի կառավարութիւնը Փետրուար 11ին գումարեց իր նիստը՝ նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Նիստէն ետք, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը քննարկած է աղբերը երկրէն դուրս հանելու թղթածրարը, որուն լոյսին տակ ի յայտ եկած է, թէ Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդին պէտք է գումար մը յատկացուի՝ աղբերը դուրս հանելու համաձայնագիրը ստորագրելու համար։
Ան նշեց, որ նախարարաց խորհուրդը համաձայն գտնուեցաւ 50 միլիոն տոլար յատկացնելու նշեալ խորհուրդին, որպէսզի վերջինս անմիջապէս անցնի ամիսներէ ի վեր փողոցներու մէջ մնացած աղբերը երկրէն դուրս հանելու հոլովոյթի գործադրութեան: