ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 12 Փետրուարին Հայաստանի կառավարութեան առընթեր ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար կազմին ներկայացուցած է Հայաստանի ԱԱԾ նորանշանակ տնօրէն Գէորգի Կուտոյեանը:
Նախագահը տեղեկացուցած է նաեւ, որ ԱԱԾ նախկին տնօրէն Գորիկ Յակոբեանը օրէնքով զերծ կացուցուած է պաշտօնէն՝ տարիքին պատճառով եւ հայրենիքին իր ծառայութիւնը պիտի շարունակէ Հայաստանի նախագահի խորհրդականի պաշտօնը ստանձնելով։
Նախագահը Գորիկ Յակոբեանը պարգեւատրած է Սուրբ Վարդան Մամիկոնեանի շքանշանով եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոր: Խօսելով Գէորգի Կուտոյեանի նշանակման մասին՝ նախագահը ըսած է, թէ ան պետական աշխատանքի բարձր արհեստավարժութեամբ կը գործէ, նոյնիսկ առօրեայ խնդիրներ լուծելու ատեն կը հիմնուի քաղաքականութեան վրայ: Ան ունակ է համակարգելու զուգահեռ ընթացող գործընթացները եւ գտնելու խնդիրի լուծման ամէնէն ճիշդ ուղին, սկզբունքային է, խստապահանջ՝ ինքնիր եւ ուրիշներու նկատմամբ։
Իր խօսքին մէջ Հայաստանի նախագահը անդրադարձած է նաեւ սահմանադրական փոփոխութիւններուն՝ երկրին համար շրջադարձային իրադարձութիւն նկատելով զայն:
«Մինչեւ 2018թ. տեղի է ունենալու իշխանութեան թեւերի լուրջ վերադասաւորում եւ պետական մարմինների լիազօրութիւնների էական վերաբաշխում: Եւ այս անցումային փուլում ազգային անվտանգութեան մարմիններն իրենց գործառոյթների շրջանակներում պէտք է ո՛չ միայն ապահովեն կառավարման համակարգի սահուն փոխակերպումը, այդ ընթացքում պետական իշխանութեան անընդհատութիւնը, այլեւ պետական մարմինների շարքում կարողանան ամրագրել իրենց արժանի տեղն ու կարգավիճակը: Այս ընթացքում ձեր առաջնային խնդիրներից մէկը լինելու է պետութեան ներքին անվտանգութեան ապահովումը, մասնաւորապէս՝ մի կողմից կոռուպցիոն երեւոյթների դէմ աւելի սուր պայքարը, միւս կողմից՝ կանխարգելումը: Դուք պէտք է պատրաստ լինէք ստանձնել այդ պատասխանատուութիւնը: Այդ քայքայիչ, ստորացուցիչ դրսեւորումների դէմ պայքարը յատկապէս կարեւորւում է երկրում իրականացուող սահմանադրական բարեփոխումների լոյսի ներքոյ», ըսած է նախագահը։
Սերժ Սարգսեան դիտել տուած է, որ ասիկա չի նշանակեր, որ մինչեւ հիմա ազգային անվտանգութեան մարմինները չէին պայքարեր փտածութեան դէմ, սակայն այդ պայքարը պէտք է սաստկացնել։ «Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը պէտք է յուսալի եւ կայուն կառոյց լինի յատկապէս երկրի համար այս կարեւոր անցումային փուլում: Մենք չունենք երկրորդ այդպիսի կամ նոյնիսկ նման կառոյց, հետեւաբար՝ այս ոլորտում չենք կարող մեզ փորձարկումների շքեղութիւն թոյլ տալ», յայտնած է նախագահ Սարգսեան:
Գէորգի Կուտոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահին՝ անոր ցուցաբերած վստահութեան համար: «Հաշուի առնելով այն կարեւորագոյն գործառոյթները, որոնք օրէնսդրութեամբ վերապահուած են ազգային անվտանգութեան մարմիններին, պետական այս կառոյցում ծառայութեան անցնելն ինձ համար մեծ պատասխանատուութիւն է եւ նոյնքան մեծ պատիւ», ըսած է ան։
Գէորգի Կուտոյեան ծնած է 30 Սեպտեմբեր 1981ին, Երեւան: 2002ին աւարտած է Ռուսիոյ Ռոստովի պետական համալսարանի իրաւագիտութեան բաժանմունքը: 2005ին աւարտած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ փիլիսոփայութեան եւ իրաւունքի հիմնարկի ասփիրանթուրան, պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւն «1950թ. Մարդու իրաւունքների եւ հիմնարար ազատութիւնների մասին կոնվենցիան Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային իրաւական համակարգում (սահմանադրաիրաւական հետազօտութիւն)» նիւթով եւ ստացած իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան: 2007ին աւարտած է Միացեալ Նահանգներու Ֆլեթչըրի իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան դպրոցը (Թաֆթս համալսարան):
2002–2010ին դասաւանդած է Հայ-ռուսական (Սլաւոնական) համալսարանին, Հայաստանի պետական կառավարման ակադեմիոյ եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ: 2005–2006ին աշխատած է գլխաւոր դատախազութեան մէջ, նախ՝ որպէս գիտաուսումնական կեդրոնի գիտական աշխատող, ապա՝ իրաւական եւ կառուցուածքային բարեփոխումներու բաժինի դատախազ: 2006–2007ին աշխատած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին մէջ՝ իբրեւ պաշտպանի աւագ խորհրդական, իսկ 2008–2010ին՝ իբրեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի գլխաւոր իրաւախորհրդատու:
2008ին ստացած է փաստաբանական գործունէութեան արտօնագիր, 2010–2011ին զբաղած է փաստաբանական գործունէութեամբ: 2011–2016ին եղած է Հայաստանի նախագահի օգնական: 2011–2014ին Փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդին առընթեր հակափտածութեան ռազմավարութեան իրականացման դիտորդ յանձնաժողովի նախագահ: