Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Մոնթրէալի մասնաճիւղը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը հաստատէ, թէ աւարտին հասցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի Խանձք գիւղի համայնքային կեդրոնի կառուցման աշխատանքները:
Շրջակայ 4 գիւղերուն պիտի ծառայէ կառոյցը, ուր պիտի կեդրոնացուին ընկերային զանազան ծառայութիւններ, ինչպէս՝ բժշ-կական, գիւղատնտեսական, արհեստագիտական, նաեւ պիտի ծառայէ որպէս համայնքի հաւաքի կեդրոն: