
ԵՐԵՒԱՆ.- «Ակունք» կայքին մէջ յօդուածով մը Արթօ Թեզել կը գրէ, թէ Պոլսոյ հայ համայնքի կեանքին մէջ վերջին տարիներուն նոր աշխուժութիւն մտցուցած հայրենակցական միութիւններէն երեքը ընտրած են իրենց ղեկավարները:
Տերսիմի հայերու միութեան ընտրութիւնը տեղի ունեցած է Յունուար 10ին, Գում Գափու թաղամասի մօտակայքը գտնուող Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Միութեան երկրորդ ընդհանուր ժողովին, միութեան նախագահ Ճեմ Հալավուրթ ներկայացուցած է միութեան գործունէութիւնը, որուն նպատակն է մէկտեղել Պոլսոյ տերսիմցիները եւ ապահովել անոնց միացումը՝ հայ համայնքին: Ընդհանուր ժողովին քննարկուած են նաեւ միութեան ապագայ ծրագիրները եւ ներկայացուած նիւթական զեկոյցը: Ապա միաձայնութեամբ ընտրուած է նոր ղեկավար խորհուրդը, որ բաղկացած է հետեւեալներէն՝ Իսմայիլ Ճեմ Հալավուրթ (նախագահ), Պիւլենտ Պոզտաղ (քարտուղար), Գառնիկ Օլկար (Սայման), Պիրկիւլ Կէօքթաշ, Էրքան Չալկան, Սայաթ Թեքիր եւ Միհրան Փրկիչ Կիւլթեքին:
Սասունի-Պիթլիսի հայերու միութիւնը եւս նոր ղեկավար խորհուրդ ընտրած է Յունուար 10ին կազմակերպուած իր երկրորդ հերթական ընդհանուր ժողովին ընթացքին: Պաքըրքէոյ թաղամասին մէջ գտնուող այս միութեան նոր գրասենեակին մէջ կատարուած ընտրութեամբ, Ալեն Պաղի ղեկավարութեան տակ ընտրուած են հետեւեալ անդամները՝ Սեդրակ Թաշ, Մուրատ Իճ, Էնկին Օճալ, Էլիս Ուլիւթաշ, Եուսուֆ Թօփարլաք, Զեքի Քափ, Շահին Էրոլ, Լեւենթ Պալճը, Կիւլնազ Ուլիւթաշ, Նաթալի Աւճը եւ Տիանտրա Արսլան:
Վերջապէս, Սվազցի հայերու եւ անոնց ընկերներու միութիւնը Յունուար 17ին գումարած իր ընդհանուր ժողովին ընթացքին՝ միութեան Ֆերիքէոյի գրասենեակին մէջ, նախագահ ընտրուած է Սեպուհ Քոչաք, որ երեք տարիէ ի վեր այդ պաշտօնին վրայ է: Ընտրութեան մասնակցած է միութեան 290 անդամներէն 62ը: Նախկին ղեկավար խորհուրդէն ոմանք չեն ընդգրկուած նոր ղեկավարութեան կազմին մէջ, որ բաղկացած է հետեւեալներէն՝ Սեպուհ Քոչաք, Եւա Կիւլիւտերէ, Շահին Արսլան, Մուրատ Կէօնքեսեր, Տիգրան Թոկաճ, Արամ Ճանճիկ եւ Շուշանիկ Ենիճէ:
–Լուսանկարը՝ ԿԱՐԻՆ ՊԱԼի