ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Հայ Քոյրերու վարժարանէն ներս քրիստոնէական, ազգային թէ տեղական իւրաքանչիւր տօն ունի իրեն յատուկ տօնակատարութիւնը, որուն համար որոշ դասարան մը կը ստանձնէ գլխաւոր բաժինը եւ զայն կը ներկայացնէ աշակերտներուն ու ծնողներուն՝ մեծարելով այդ առիթը: Այս առիթներէն մէկը եւ մեծագոյնն է Քրիստոսի Ծնունդն ու Նոր Տարին։ Դեկտեմբեր ամիսը կը յատկացուի այդ առիթին նուիրուած երգերու ուսուցման եւ թատրոնի մը պատրաստութեան, զոր կը ներկայացնէ մանկապարտէզի դասարանը:
Անցեալ Դեկտեմբերին, վարժարանիս մէջ տեղի ունեցան զանազան ձեռնարկներ, որոնցմէ կարելի է յիշել հետեւեալը.
– Ծնողական մարմինը Դեկտեմբեր 12ի առաւօտեան, երկրորդ տարին ըլլալով կազմակերպած էր «Նախաճաշ Կաղանդ Պապային Հետ» ձեռնարկը, որ մեծ յաջողութիւն արձանագրեց՝ հաւաքելով մեծ թիւով ծնողներ եւ աշակերտներ, որոնք վայելեցին համադամ նախաճաշը, մասնակցեցան խաղերու, հաճելի պահեր անցուցին Կաղանդ պապային ընկերակցութեամբ եւ նկարուեցան։
– Վարժարանիս «Դանիէլեան» սրահին մէջ այս տարի եւս հանգամանօրէն կանգնեցաւ Տօնածառը, որ գեղեցկօրէն զարդարուած էր շրջանաւարտի ծնողներուն կողմէ, իսկ սրահէն ներս իր պատուական տեղը գրաւած էր Յիսուսի Ծնունդը խորհրդանշող մսուրը: Այս առնչութեամբ, Դեկտեմբեր 1ին, նախքան առաւօտեան աղօթքի արարողութիւնը, տեղի ունեցաւ ծառի լուսաւորումը, մասնակցութեամբ մանկապարտէզէն մինչեւ ութերորդ կարգերու աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն, որոնք Ծննդեան երգերու եւ շարականներու երգեցողութեամբ լուսաւորեցին այս տարուան Տօնածառը:
– Տօնական օրերը եւ Ծնունդը խորհրդանշող նուիրաբերումն ու կարիքաւորին օգտակար դառնալու գաղափարը աշակերտներու միտքին մէջ արմատացնելու եւ զանոնք բարեգործութեան վարժեցնելու համար, այս տարի եւս վարժարանիս աշակերտական խորհուրդը, տնօրէնութեան հետ համագործակցաբար, կազմակերպեց եւ իրականացուց չփճացող ուտեստեղէնի հաւաք, որ տրամադրուեցաւ «Union Rescue Mission»ին:
– Շաբաթ, Դեկտեմբեր 18ին տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի Ս. Ծննդեան հանդէսը, «Դանիէլեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ վարժարանիս քոյրերուն, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, ծնողներուն եւ մեծ ծնողներուն, որոնք անհամբեր էին տեսնելու իրենց զաւակներու երգն ու պարը, խօսքն ու ներկայացումը:
Հանդիսութիւնը պաշտօնապէս սկսաւ մանկապարտէզի տնօրէնուհի Սոնա Գազանճեանի բարի գալուստի եւ օրուան խորհուրդը նշող խօսքով, որմէ ետք աշակերտները մեկնաբանեցին Յիսուսի Ծննդեան պատկերը՝ երգախառն թատրերգութեամբ: Անոնք ներկաները յուզումնալից զգացումներով տեղափոխեցին 2000 տարի առաջ, Երուսաղէմի Բեթղեհէմ քաղաքի մէկ լքուած ախոռը, ուր Աստուած իր միածին որդին կը ղրկէր՝ խոստանալով մարդոց յաւիտենական կեանք: Թատրոնի աւարտին աշակերտները, որպէս Ծննդեան նուէր, իրենց ծնողներուն ներկայացուցին Քրիստոսի Ծննդեան եւ Յայտնութեան աւետիսը՝ երգելով զանազան լեզուներով, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ երաժշտութեան ուսուցչուհի Վարդուհի Պաղտասարեանի:
Վարժարանի տնօրէնուհի՝ քոյր Լուսիա, հանդիսութեան աւարտին իր գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես փոքրերուն կողմէ շարականներու հարազատ մեկնաբանութեան, ապա տօնական օրերու բարեմաղթութիւններով փակեց հանդիսութիւնը:
– Դեկտեմբեր 22ին տեղի ունեցաւ նախակրթարանի Ծննդեան եւ Նոր Տարուան յատուկ երգերու փառատօնը։ Ներկայ էին վարժարանի մայրապետները, ծնողներ, հիւրեր եւ ուսուցչական կազմը: Հանդիսութիւնը սկսաւ տնօրէնուհիի բացման խօսքով։ Ան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Այս տարի եւս առիթ ունեցանք աշխարհի Փրկիչին Ծննդեան տօնը հանդիսաւոր եւ պատշաճ ձեւով տօնելու վարժարանէս ներս՝ ներգրաւելով բոլոր աշակերտները, եւ այսպիսով մեր աշակերտները երգերու գեղեցիկ փունջով մը պիտի շնորհաւորեն ծնողները, Սուրբ Ծնունդի եւ Նոր Տարուան զոյգ տօներու առիթով»:
Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ առաջին եւ երկրորդ դասարանի փոքրերուն մուտքով։ Անոնք իրենց վառած մոմերով եւ Ծննդեան շարակններով խորհրդաւոր մթնոլորտ մը ստեղծեցին։
Հերթականութեամբ, բոլոր դասարանները ներկայացան եւ իւրաքանչիւր աշակերտ առիթը ունեցաւ բեմահարթակ ելլելու, արտայայտելու իր ուրախութիւնը եւ ուրախացնելու ներկաները: Յատկանշական էր 4րդ դասարանցիներու ներկայացումը, որուն ընթացքին անոնք այլազան ազգութիւններ ներկայացնող տարազներով եւ տարբեր լեզուներով աւետեցին Քրիստոսի Ծնունդը:
Երկու ժամուան գեղարուեստական երեկոյ մըն էր իրականացածը՝ բոլորին համագործակցութեամբ եւ երաժշտութեան ուսուցչուհի Վարդուհի Պաղտասարեանի ջանքերով, որ կ՛արդարացնէր եւ կը դրսեւորէր վարժարանիս քրիստնէական դաստիարակութեան սկզբունքը՝ աշակերտները պահելու հայ խօսքի, երգի եւ շարականի երգեցողութեան մթնոլորտին մէջ: