ՓԱՐԻԶ, «Էյ.Փի.».- Ֆրանսայի Սահմանադրական ատեանը հաստատած է, որ Հրէական ողջակիզման ուրացումը քրէականացնող օրէնքը օրինական է, որովհետեւ Հրէական ողջակիզումը եզակի է։
Ատեանը նաեւ պնդած է, թէ Համաշխարհային Բ. պատերազմին իրականացուած այդ ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած միւս ոճիրներէն «տարբեր բնոյթ» ունի:
Ուսողութեան դասախօս մը պաշտօնանկ եղած էր՝ Ողջակիզումը ժխտելուն համար, որմէ ետք ան բողոքած էր՝ պնդելով, թէ անարդար է միայն Հրէական ողջակիզումին վերապահել ժխտումի պատիժը եւ զայն չկիրարկել մարդկութեան դէմ գործուած միւս բոլոր ոճիրներուն համար եւս:
Ուստի, Յունուար 8ին, Ֆրանսայի Սահմանադրական ատեանը վճռած է, որ նացիներու գործած ոճիրը իւրայատուկ է, որովհետեւ «ցեղապաշտ եւ հակասեմական» բնոյթ կը կրէ եւ մասամբ գործուած է Ֆրանսայի հողերուն վրայ:
Ֆրանսա 2001ին ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ զայն նկատելով մարդկութեան դէմ ոճիր, սակայն անոր ժխտումը պաշտօնապէս ապօրինի չի նկատեր տակաւին: