ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԱԶԱՏ ՕՐ»Ի
Ճամբայ բացէ՛ք Խրիմեան հայրիկի կողմէ «հայկական նոր ասպետութիւն» հռչակուած 125ամեայ Ուղեւորին՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:
Ճամբայ բացէ՛ք հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան եւ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի իրագործման համազգային պայքարի մարտունակ դրօշակիրին:
Ճամբայ բացէ՛ք, որպէսզի ամբողջական Հայաստանի եւ ամբողջական հայութեան հասնելու համազգային երթը շարունակուի ու վերանորոգուի:
Ամէն բանէ առաջ եւ վեր՝ ՀՅԴ անունին Հայը կը բնորոշէ նկարագիրն ու վարքը 125ամեայ Ուղեւորին:
ՀՅԴ միսը միսէն եւ ոսկորը ոսկորէն հարազատ ծնունդը եղաւ հայ ժողովուրդին՝ անոր ծով վիշտին ու տառապանքին, սանձակոտոր ընդվզումին եւ ցասումին, անսակարկ զոհաբերութեան ոգիին եւ անվեհեր պայքարի հաւաքական կամքին:
ՀՅԴ եղաւ գաղափարական ու բարոյական, քաղաքական ու հասարակական կազմակերպ անօթը՝ ՀԱՅ մարդու վերակերտման մշտանորոգ երկունքին, գերութեան եւ ստրկամիտ համակերպումի շղթաները կոտրած-թօթափած եւ ազգային-քաղաքական ու մշակութային-քաղաքակրթական ինքնահաստատումի ուղիով սլացող համահայկական երթին:
Այդ ներշնչումով բոցավառեցաւ Եղիշէ Չարենցի «Գիրք Ճանապարհի»ն լուսաւորած մեծ խարոյկը Հը.Դա.Հիւնին՝ ՀՅԴին, որուն անուան Յեղափոխականը դարձաւ կիզակէտը 125ամեայ Ուղեւորի բարոյական էութեան եւ գաղափարական աշխարհայեացքին:
Հայ ժողովուրդի արդարութեան ձգտումէն եւ ազատ ու անկախ ապրելու վճռականութենէն ներշնչուեցաւ ՀՅԴի յեղափոխականութիւնը, որ կեանքի գնով Ազգի ու հայրենիքի ամբողջական ազատագրութեան ծառայելու գերագոյն յանձնառութեան վարար աղբիւր դարձաւ թէ՛ դաշնակցականին, թէ դաշնակցութեան համակիրին համար:
Ամէն կարգի՝ սուլթանական թէ ցարական, իթթիհատական թէ պոլշեւիկեան բռնատիրութիւն եւ հալածանք մերժելու, ծառանալու, անձնազոհ պայքարի դաշտ նետուելու եւ հայկական յեղափոխութեան մեծ խարոյկին շուրջ հայ ժողովուրդի անկեղծ զինուորները համախմբելու Ուխտին դրօշակիրն ու արթուն պահակը հանդիսացաւ 125ամեայ Ուղեւորը:
Զինեալ պայքարով սկսած դաշնակցութեան երթը քայլ պահեց հայ ժողովուրդի եւ Հայաստան աշխարհի վերիվայրումներուն հետ՝ ժամանակին համահունչ յեղափոխական ուղի հարթելով, գրական-մշակութային ու գաղափարական-բարոյական համապատասխան ազգային լիցք կուտակելով, այլեւ՝ միշտ դէպի յառաջ խոյանալով:
ՀՅԴի մարմնաւորած ու հայոց նորահաս սերունդները ներշնչած ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ այդ ոգիով՝ մեր ժողովուրդը
– Վերապրեցաւ թրքական պետութեան տուած ցեղասպանական ծանրագոյն հարուածէն,
– Սեփական բազուկի ուժով կերտեց Ազատ ու Անկախ Հայաստան՝ ժողովրդավարական հանրապետութեամբ.
– Ինքնալքումի չմատնուեցաւ Հայաստանի խորհրդայնացման դաժան հարուածին տակ իսկ եւ իր հոգիին մէջ անձեռնմխելի պահեց Ոգեղէն հայրենիքը՝ իր Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանով, անփոխարինելի Եռագոյնով,
– Թափ տուաւ, Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուները մահապատիժի ենթարկող «նեմեսիս»էն սկսեալ, Հայ Դատի պահանջատիրութեան պայքարին,
– Տարագիր հայութիւնը օժտեց, Ոգեղէն հայրենիքի վերանկախացման շունչով, հայապահպան պետականաձեւ կառոյցներով՝ Սպիտակ ջարդի դէմ անդուլ պայքար մղելով եւ աշխարհասփիւռ հայութեան հաւաքական Ուժի կռուանները կռանելով՝ «Ուխտ Արարատի» երդուելով եւ հայօճախներու ֆիզիքական անվտանգութեան ու ազգային ինքնահաստատման յառաջապահը դառնալով,
– Քանդեց լռութեան այն ծանրանիստ պատը, որ քաշուած էր հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական անբռնաբարելի իրաւունքներու ոտնակոխման շուրջ: Միջազգային հանրութեան անդուլ յիշեցուց թրքական պետութեան գործադրած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, դատապարտեց մեծ Ուրացումի թուրք պետական քաղաքականութիւնը, արդարութիւն եւ մեր հողերը պահանջեց՝ ի հարկին ուժական պայքար մղելով, մինչեւ որ մերօրեայ քաղաքակիրթ աշխարհի օրակարգին վրայ բերաւ հայկական հարցին արդար լուծում մը գտնելու քաղաքական հրամայականը,
– Վերանորոգեց ֆետայական իր աւանդները՝ արժանաւորապէս տէր կանգնելով հայ ազգային-ազատագրական շարժման նորօրեայ զարթօնքին, երբ «ձայնը հնչեց»… Ղարաբաղի «լեռներէն»:
ՀՅԴ անուան վերջին, բայց կարեւորութեամբ նոյնքան առանցքային եւ բնութագրական ստորոգելին եղաւ Դաշնակցութիւնը, որ հայոց հազարամեակներու պատմութենէն ներշնչուած ազգային միասնականութեան հիմք ու միաժամանակ անփոխարինելի աւանդ դարձաւ:
ՀՅԴ ծնունդ չառաւ իբրեւ կուսակցութիւն, այլ՝ իբրեւ բոլոր Հայ Յեղափոխականները համախմբող կազմակերպութիւն՝ դաշնակցութիւն:
ՀՅԴ հրապարակ իջաւ իբրեւ դաշնակցութիւնը միեւնոյն նպատակին համար պայքարի զէնք վերցուցած գաղափարական թէ քաղաքական տարբեր խմբաւորումներու եւ կուսակցութիւններու:
Թէեւ շատ կարճատեւ, հազիւ երկու տարի ապրեցաւ իբրեւ այդպիսին կեանքի կոչուած Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը՝ առնելով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն անունը, այդուհանդերձ՝ 125ամեայ Ուղեւորը իր երկարատեւ գործունէութեան բոլոր հանգրուաններուն առաջնորդուեցաւ եւ գործեց հայ Ազգի ու հայոց հայրենիքի ազատագրութեան նուիրուած բոլոր անկեղծ զինուորներուն միջեւ դաշնադրութիւն, այլեւ դաշնակցութիւն խրախուսելու առաջադրանքով ու յանձնառութեամբ:
Ի վերջոյ, չէ՞ որ ՀՅԴ հիմնադիր Ռոստոմի բանաձեւումով՝ «մեր կուսակցութիւնը իր վրայ ունի այնպիսի ազգային պատասխանատուութիւններ, որոնցից զերծ են այլ կուսակցութիւններ»:
Ազգային, գաղափարական եւ քաղաքական դաշնադրութեամբ գործելու յանձնառութիւնը էական նկարագիրը կազմեց նախ ՀՅԴ ներ-կազմակերպական կեանքին, ուր տարբեր մօտեցումներու կամ տեսակէտներու համահարթեցման ճիգ բնաւ չկատարուեցաւ, այլ ընդհակառակն՝ տարակարծութիւնները եւ անոնց համադրումի ճիգերը նկատուեցան կենսունակութեան եւ հարստութեան աղբիւր, որովհետեւ կողք-կողքի՝ Ազգի եւ հայրենիքի, ազատութեան եւ անկախութեան, Արդարութեան եւ բարոյականութեան համար պայքար մղելու անխարդախ յանձնառութիւնը դաշնադրեց կամքերը բոլոր դաշնակցականներուն, անկախ տարիքի եւ սեռի, միջավայրի կամ ընկերային պատկանելութեան տարբերութիւններէն:
Դաշնադրումի միեւնոյն ոգիով ՀՅԴ գործեց ազգային մեր իրականութեան մէջ, յատկապէս երբ համազգային տարողութեամբ մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնեցան ազգն ու հայրենիքը:
Այդպէս էր Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման տարիներուն, այդպէս եւ ընթացաւ Հայաստանի վերանկախացման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնման վերջին քառորդ դարուն ընթացքին:
Արցախեան պահանջատիրութեան առաջին իսկ քայլերէն ՀՅԴ հետամուտ եղաւ Ղարաբաղի վերամիացման եւ Հայաստանի վերանկախացման համար պայքարի դաշտ նետուած գաղափարի մարտիկներուն միջեւ թէ՛ քաղաքական եւ թէ կազմակերպական դաշնադրութեան:
Պպայմանները տարբեր հունով առաջնորդեցին վերանկախացեալ Հայաստանի Հհանրապետութեան կեանքը, բայց 125ամեայ Ուղեւորը միշտ ալ քալած է «նպատակիս հասնիմ միայն» երգելով… եւ ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ, պետական-քաղաքական հարթութեան վրայ, կը թեւածէ դաշնադրումի ոգին, վհատելու չէ եւ կու գայ օրը, որ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ի վերջոյ կը յաղթանակէ դաշնադրումի ոգին՝ Դաշնակցութիւնը:
ՀՅԴ երթը կը շարունակուի:
Ժամանակներ եւ սերունդներ կը փոխուին, մտայնութիւններ եւ աշխարհաքաղաքական իրողութիւններ վերիվայրումէ կ՛անցնին, բայց հայ ժողովուրդի ծոցին մէջ այսօր եւս ծնունդ կ՛առնեն ու կը կազմաւորուին սերունդներ, որոնք 125ամեայ Ուղեւորին աւանդներով մկրտուած՝ հայ ժողովուրդին հետ հիմա ալ կ՛երգեն՝
«Դաշնակցութեան ճամբայ բացէ՛ք»:
(ՀՅԴ 125ամեակին առիթով)