«ԱՐԵՒԵԼՔ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՕՔՍՖՈՐՏԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍ ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆԻ ՀԵՏ
21-23 Յունուար Օքսֆորտի համալսարանի մէջ տեղի կ՛ունենայ իր տեսակին մէջ եզակի հաւաք մը՝ «Արեւմտահայերէնը՝ 21րդ դարուն» խորագիրով: Համաժողով-հաւաքը, իր ընտրած ձեւաչափի եւ նիւթերու քննարկման առումով կը միտի տարբերուիլ աւանդական գիտաժողովներէն: «Արեւելք» հարցազրոյց մը ունեցաւ հաւաքի կազմակերպիչ եւ Օքսֆորտի համալսարանի դասախօս դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ: Տեղին է նշել, որ Յունուարին կայանալիք այս համաժողովը կազմակերպուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի հայկական բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ:
«ԱՐԵՒԵԼՔ».- Պարոն Չիլինկիրեան, ի՞նչ նկատառումներով նախաձեռնուեցաւ նման հաւաք մը:
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ.- Ինչպէս վերջին տարիներուն բոլորիս ծանօթ է՝ արեւմտահայերէնի կենսունակութեան հարցին հետ կապուած բազմաթիւ խնդիրներ կան, ու լուծումներու որոնումը լուրջ մտահոգութեան առարկայ է: 21րդ դարուն պարտադրուած ու կամայ թէ ակամայ ստեղծուած քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրականութիւններն ու հանգամանքները ազդեցութիւն ունին նաեւ արեւմտահայերէնի ապագային վրայ: Լեզուն դասաւանդելն ու խօսիլը անհրաժեշտ են, բայց ասկէ անդին արեւմտահայերէնի ապագան պայմանաւորուած է արեւմտահայախօս մշակոյթի կենսունակութեամբ, որ կը պահանջէ, ուրիշ գործօններու առընթեր, արեւմտահայերէնով մտածող, ստեղծող, գրող, հրատարակող փաղանգ մը:
Այս հաւաքին մենք պիտի փորձենք ճշդել, թէ որո՞նք են արեւմտահայերէնի հիմնական խնդիրները, այսինքն մասնակից 25-30 հոգիները ի՞նչ կարծիքի են եւ որքանո՞վ համաձայն են բնորոշուած խնդիրներուն ու անոնց առաջնահերթութեանց եւ այլն: Այս հաւաքը կամ համաժողովը «աւանդական» գիտաժողով մը պիտի չըլլայ, այլ՝ միտքերու, կարծիքներու, փորձառութիւններու, մասնագիտական տեղեկութիւններու փոխանակում եւ դասաւորում:
Հաւաքը մեթոտաբանական կամ թեքնիք խնդիրներու մասին չէ, այլ ներկայ հայ իրականութեան մէջ առկայ մշակութային, «քաղաքական», ընկերային խնդիրներուն ու անոնց լեզուին վրայ ունեցած ազդեցութիւններուն մասին: Եւ ճիշդ ասոր համար է, որ կազմակերպուածը գիտաժողով մը չէ այլ աշխատանքային կամ գործնական հաւաքոյթ մը, որուն աւարտին կը յուսամ, որ պիտի կարենանք առնուազն թուարկել հիմնական խնդիրներն ու անոնց հաւանական լուծումները:
«ԱՐԵՒԵԼՔ».- Որո՞նք են մասնակիցները:
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ.- Մասնակիցները զանազան երկիրներէ պիտի գան՝ Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Հայաստան ապրող արեւմտահայերէն գրողներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ, մամուլի գործիչներ եւ հրատարակիչներ: Պիտի ունենաք թէ՛ աւագ սերունդի եւ թէ երիտասարդ սերունդի մասնակիցներ:
«ԱՐԵՒԵԼՔ».- Իսկ կազմակերպուելով աշխարհի նշանաւոր համալսարաններէն մէկուն մէջ, ի՞նչ լեզուով պիտի ընթանայ հաւաքը:
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ.- Բոլոր նիստերը արեւմտահայերէնով պիտի ըլլան այն տրամաբանութեամբ, որ հաւաքը արեւմտահայերէնով «մտածելու», «գրելու», «ստեղծագործելու»… հարցերու մասին է: Կը կարծեմ, թէ սա առաջին անգամն է, որ Օքսֆորտի նման համբաւաւոր արեւմտեան համալսարանի մը մէջ լրիւ իմաստով արեւմտահայերէնը պիտի օգտագործուի ոչ թէ միայն որպէս ուսումնասիրութեանց «առարկայ», այլ որպէս հիմնական