
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.-
«Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը տարիներէ ի վեր կը ջանար նման ծրագիր մը հաստատել Սաքրամենթոյի մէջ, եւ Քարապեանի առատաձեռնութեան շնորհիւ կրցաւ զայն իրականացնել, ինչին համար երախտապարտ ենք», այս առթիւ յայտնած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան։
Այս մասին նախնական յայտարարութիւն կատարուած էր Հոկտեմբերին կայացած Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, երբ Ուոլթըր Քարապեանին յանձնուեցաւ «Ժառանգութիւն» մրցանակը։
Մէկ տարուան տեւողութիւն ունեցող վարժողական այս ծրագիրին դիմելու մանրամասնութիւնները աւելի ուշ պիտի յայտարարուին։
Քարապեան ծնած է Ֆրեզնօ եւ զաւակն է Պիթլիսիէն ու Տիգրանակերտէն 1896ին Ֆրեզնօ հաստատուած Ճան Քարապեանին ու Զուարթ Շիշմանեանին: Ան իրաւաբանութեան վկայական ստացած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն, ապա ստանձնած է Լոս Անճելըս գաւառի շրջանային դատախազի տեղակալի պաշտօնը, որմէ ետք գործօն անդամ դարձած է Դեմոկրատ կուսակցութեան. 1966ին ընտրուած է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ՝ շատ լաւ տպաւորութիւն ձգելով, եւ միայն 33 տարեկանին՝ 1972ին, ընտրուած է խորհրդարանի մեծամասնութեան ղեկավար:
1967ին, ան հեղինակած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի բանաձեւը, որ նախաքայլը դարձած է նահանգէն ներս Ցեղասպանութիւնը պետական դպրոցներուն մէջ դասաւանդելու գործընթացին։
1975ին, Քարապեան հաստատած է իր իրաւաբանական գրասենեակը, որուն ղեկը ստանձնած է 45 տարիներ: Ան մաս կազմած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճիմի Քարթըրի կողմէ Քուպա ղրկուած առեւտրական պատուիրակութեան՝ ստանձնելով անոր համաատենապետի պաշտօնը, իսկ 1979ին հանդիսացած է Ֆիլիփին գործուղուած օրէնսդրական պատուիրակութեան խորհրդատուն:
Ան նաեւ հայկական շարք մը կազմակերպութեանց անունով ելոյթներ ունեցած է Լոս Անճելըսի Համաշխարհային յարաբերութեան խորհուրդին առջեւ՝ ներկայացնելով հայութեան մտահոգութիւնները:
Քարապեան իր դրոշմը դրած է Միացեալ Նահանգներու եւ յատկապէս Քալիֆորնիոյ քաղաքական կեանքին վրայ՝ յատկանշական դեր ունենալով շարք մը քաղաքական պաշտօնատարներու ընտրապայքարին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ շարք մը քաղաքական կազմակերպութեանց հզօրացման մէջ: Ան յատկանշական ներդրում ունեցած է Հայ Դատի պայքարին ու շրջանի հայ համայնքի հզօրացման ջանքերուն մէջ: 1979ին հիմնադիր անդամներէն մէկը եղած է Հայկական շարժապատկերի հիմնարկին եւ աւելի քան 30 տարի եղած է անոր վարչութեան փոխատենապետը: Հիմնարկը Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներու վկայութեանց հարուստ արխիւ մը ունի՝ հայոց պատմութեան նուիրուած վաւերագրական այլ ֆիլմերու հաւաքածոներու կողքին:
Քարապեան նաեւ հիմնադիր անդամներէն մէկն է Հայ իրաւաբանական միութեան, եւ իր իրաւաբանական հիմնարկին միջոցաւ սպասարկութիւններ մատուցած է հայկական կազմակերպութեանց, եկեղեցիներու եւ վարժարաններու:
1988ին, ան ամուսնացած է Լորըլ Տիգրանեանի հետ եւ անոնք բախտաւորուած են դուստրով մը՝ Մատլեն Արաքսի: Անոր այլ զաւակներն են Պենճըմընն ու Քեթրին Սարին Ճիովանարտին: Լորըլ, որ զաւակն էր բարերարներ Արշակ եւ Էլընոր Տիգրանեաններուն, իր մահկանացուն կնքեց 2014ին. ան Ուոլթըրի նման նուիրուած էր հայկական կազմակերպութեանց:
Վարժողական ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել ANCAWR.org կայքը կամ դիմել (818) 500-1918 թիւին։