ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Յունուար 5ին այցելած է Հադրութի շրջանի Թաղասէր գիւղը, ուր հանդիպում ունեցած է համայնքի բնակիչներուն հետ: Քննարկուած են գիւղացիները մտահոգող խնդիրներն ու զանոնք լուծելու ուղիները:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ գրասենեակէն յայտնած են, որ նախագահ Սահակեան յանձնարարականներ տուած է շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն՝ քննարկուած հարցերու պատշաճ լուծում տալու:
Նախագահին ընկերակցած են վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: