ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 29 Դեկտեմբերին այցելած է Հայաստան–Ատրպէյճան սահմանագիծին վրայ հերթապահութիւն կատարող Հայաստանի զինուած ուժերու առաջապահ դիրքեր:
Այցելութեան ընթացքին նախարար Նալբանդեան ծանօթացած է առաջնագիծին մէջ զինուորներուն ծառայութեան ընթացքին եւ պայմաններուն: Զինուորական ծառայողներուն հետ ունեցած երկար զրոյցին ընթացքին Էդուարդ Նալբանդեան խօսած է ղարաբաղեան հարցի լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի կողմէ գործադրուող ջանքերուն, այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն, տարածաշրջանային խնդիրներուն վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումներուն մասին, ինչպէս նաեւ պատասխանած է սպաներուն եւ զինուորներուն բազմաբնոյթ հարցումներուն:
Նախարար Նալբանդեան շնորհաւորած է զինուորներուն Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը՝ մաղթելով խաղաղ ծառայութիւն, տոկունութիւն, առողջութիւն՝ վստահեցնելով, որ հայ դիւանագէտները պիտի շարունակեն իրենց ջանքերը յարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման ի խնդիր: