Ս. Ծնունդի պատմութիւնը աշխարհի ամէնէն հրաշալի պատմութիւնն է: Տէր տէրանց, Արքայ արքայից եւ մարդկութեան Փրկիչ եղող Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը՝ Բեթղեհէմի փոքրիկ աւանին մէջ բոլոր ժամանակներու մեծագոյն դէպքն է: Անցնող շուրջ երկու հազար տարիներուն ընթացքին պատահած բոլոր նշանակալից եւ կարկառուն անցուդարձերուն մէջ եզակի եւ անկրկնելի դէպք մըն է ան՝ իր նշանակութեամբ, իր մնայուն արժէքով եւ իր թողուցած ուսանելի դասերով:
Յիշենք անոնցմէ հետեւեալները.
Առաջին. Սուրբ Ծննդեան պատմութիւնը, մարդ արարածը անսահմանօրէն սիրող մարմնացեալ Աստուծոյ պատմութիւնն է, որ աշխարհ եկաւ մարդկութիւնը փրկելու համար: Իր հրաշալի Ծնունդը աւետող հրեշտակը յայտարարեց. «Այսօր ձեզի Դաւիթի քաղաքին (Բեթղեհէմի) մէջ Փրկիչ մը ծնաւ որ Օծեալ Տէր է» (Ղուկաս 2.11): Յիսուս Քրիստոսի աշխարհ գալը մեծագոյն յայտարարն է Աստուծոյ սիրոյն: Անոր գալուստին նպատակն է Աստուծմէ հեռացած մեղսալի մարդկութիւնը Աստուծոյ բերել: Անոր մարդեղութիւնը, իր երկրաւոր կեանքը, իր մահն ու յարութիւնը այդ նպատակն ունէին: Մարդացեալ Աստուածորդին էր, որ իր երկրաւոր կեանքի օրերուն յայտարարեց. «Աստուած այնչափ սիրեց աշխարհը, որ իր Միածին Որդին ղրկեց, որպէսզի ան որ Անոր հաւատայ չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3.6):
Նոյն մարմնացեալ Աստուածորդին մարդկութեան տուաւ իր մեծագոյն պատուիրանը. «Սիրէ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ անձովդ եւ ամբողջ մտքովդ… եւ սիրէ ընկերդ անձիդ պէս» (Մատթ. 22. 37-39): Սա կը նշանակէ, թէ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու համար մենք նախ ստանալու ենք Անոր բերած կեանքն ու սէրը եւ ապա բաժնելու ենք զայն մեր նմաններուն հետ: Պօղոս առաքեալ լիովին ըմբռնած ըլլալով այս աստուածատուր սիրոյ պատուիրանին իմաստը՝ կոչ կ՛ընէ քրիստոնեայ հաւատացեալներուն. «Ոչ մէկ պարտք ունեցէք ոեւէ մէկուն, բացի զիրար սիրելէ, որովհետեւ ո՛վ որ կը սիրէ իր ընկերը՝ գործադրած կ՛ըլլայ Օրէնքը» (Հռոմ. 13. 8):
Երկրորդ. Սուրբ Ծննդեան պատմութիւնը Բեթղեհէմի հովիւներուն իրենց ունեցած փորձառութիւնը ուրիշներու հետ բաժնելու պատմութիւնն է: Անոնք առաջիններն էին ստանալու Աստուծոյ հրեշտակին բերած աւետիսը: Աճապարանքով Բեթղեհէմ գացին եւ գտան Նորածին Մեսիան: Իրենց փառաբանութիւնը ընելէ ետք, անոնք վկայեցին ինչ որ լսած եւ տեսած էին: Անոնց համար անհնար էր տեսնել եւ չվկայել Յիսուս Փրկիչը: Այդ պատճառով էր որ Բեթղեհէմի հովիւները առաջին կենդանի վկաները եղան նորածին Մանկիկին եւ Անոր Ծննդեան աւետիսը տարածելու:
Այն օրէն ի վեր, դարերու ընթացքին, անոնք որոնք հոգեւոր փորձառութեամբ հանդիպած են Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի՝ առանձնաշնորհումն ու հոգեւոր պարտաւորութիւնը զգացած են իրենց փորձառութիւնը բաժնելու ուրիշներու հետ: Այսօր ալ պարագան նոյնն է: Կարելի չէ ճանչնալ Յիսուս Քրիստոսը իբրեւ Տէր եւ Փրկիչ եւ լուռ մնալ եւ չվկայել իրեն մասին:
Երրորդ. Սուրբ Ծննդեան պատմութիւնը Աստուածային եւ մարդկային ընծաներու նուիրման պատմութիւնն է: Մատթէոսի Աւետարանը կը յիշէ, թէ Յիսուսի Ծննդեան ատեն Արեւելքէն մոգեր՝ տեսնելով Անոր աստղը մինչեւ Բեթղեհէմ եկան իրենց յարգանքի տուրքը ընծայելու Նորածին Արքային: Երբ տեսան զայն, մեծապէս ուրախացան, երկրպագեցին Անոր ու «բանալով իրենց գանձերը մատուցանեցին Անոր ընծաներ-ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս» (Մատթ. 2.11):
Ծնունդի ոգին տալու ոգին է: Մոգեր՝ իրենց նուէրները տուին: Բայց ամէնէն առաջ եւ ամէնէն աւելին, Աստուած Ինք տուաւ Իր ամենաթանկարժէք նուէրը, Իր Միածին Որդին, մեղաւոր մարդկութեան փրկութեան համար, որպէսզի անոնք «կեանք ունենան եւ ալ աւելի կեանք»:
Աստուած, մեր Երկնաւոր Հայրը, մեզի կը պատուիրէ, որ մենք ալ առ ի երախտագիտութիւն Իր՝ մեզի հանդէպ ունեցած սիրոյն, տալու ենք Իրեն, եւ Իր անունով մեր նմաններուն: Տալու ենք մեր ժամանակէն, տաղանդներէն եւ դրամէն: Տալու ենք առատաձեռնօրէն եւ սիրայօժար:
Ծննդեան այս օրհնեալ օրերուն յատկապէս սիրոյ պարտք է մեզի յիշել մեր սիրելի հայրենակիցները Սուրիոյ մէջ, որոնք մեր աղօթքներուն եւ նիւթական օժանդակութեան պէտք ունին:
Ս. Ծննդեան պատմութիւնը մեր օրացոյցներու վրայ սոսկ թուական մը չէ եւ ոչ ալ լոկ գեղեցիկ պատմական յիշատակ մը, այլ կենսատու իրականութիւն մը՝ իր մշտանորոգ պատգամներով: Երբ ընկալուչ սրտերով ընդունինք Աստուծոյ Գերագոյն Պարգեւը, Յիսուս Քրիստոս, այն ատեն պիտի սորվինք լիիրաւ կերպով սիրել մեր Արարիչը եւ իր միւս արարածները, յայնժամ Բեթղեհէմի հովիւներուն նման, պիտի բաժնենք մեր ուրախ փորձառութիւնը ուրիշներու հետ որպէս կենդանի վկաներ, եւ հուսկ մեր նիւթական, մտային եւ հոգեւոր պարգեւները պիտի ընծայենք Իրեն եւ մեր նմաններուն: Այն ատեն արդարօրէն պիտի կարենանք ըսել, «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. ձեզի, մեզի մեծ աւետիս»:
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Գործադիր Տնօրէն Հայ Աւետ. Համաշխարհային Խորհուրդի