ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Ընտրուելէն ետք առաջին պաշտօնական այցով Պաքու գտնուած Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Իսմայիլ Քահրաման Դեկտեմբեր 22ին հանդիպում մը ունեցած է Ատրպէյճանի վարչապետ Արթուր Ռասիզատէի հետ: Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են նաեւ Արցախի հիմնախնդիրին:
Թրքական «Հապեր 8» լրատուական կայքը կը գրէ, թէ Քահրաման, նշելէ ետք, թէ Արցախի հակամարտութիւնը բոլորին հիմնախնդիրն է՝ ըսած է. «Մենք զայն կ՛ընդունինք իբրեւ մեր խնդիրը: Մենք պիտի շարունակենք մեր աջակցութիւնը, որպէսզի Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան հետ կապուած այդ խնդիրը լուծուի միջազգային իրաւունքին համապատասխան»:
Քահրաման ապա ըսած է, որ այդ հարցին լուծման ուղղութեամբ կ՛առնուին ցուցադրական որոշ քայլեր, որոնք բաւարար չեն, եւ այդ պատճառով ալ դարձեալ նահանջ կ՛արձանագրուի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.