ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 17 Դեկտեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին նկատել տուած է, որ՝ «Ատրպէյճանը շիկացնում է մթնոլորտը ոչ միայն շփման գծում, այլեւ դիւանագիտական ճակատում»:
Ան նշած է որ, դիւանագիտութեան ոլորտին մէջ պաշտօնական Պաքուն փաստօրէն կը խեղաթիւրէ բանակցային գործընթացը ու կը խախտէ միջազգային իրաւունքը: «Ատրպէյճանի դիրքորոշումը՝ թէ՛ ուժային, թէ դիւանագիտական ոլորտներում, նոյնն են: Ի սկզբանէ ղարաբաղեան կարգաւորման հարցում Ատրպէյճանը ուժային քաղաքականութիւն էր կիրառում, որից առայսօր չի հրաժարուել: Եւ հէնց այս փաստից ելնելով էլ անհնար է որեւէ առաջխաղացում ակնկալել ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման գործընթացում», ըսած է Քոչարեան:
Փոխնախարարին համաձայն՝ ժամանակի ընթացքին միջազգային ընտանիքին մօտ պիտի հասուննայ այն գիտակցութիւնը, որ միակ ելքը Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ճանաչումն է:
Մեկնաբանելով այն հանգամանքը, որ վերջերս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները աւելի հասցէագրուած կ՛արտայայտեն իրենց դիրքորոշումները՝ Շաւարշ Քոչարեան ըսած է. «Իմ կարծիքով, սա դեռ սկիզբն է: Համանախագահները միշտ ձգտում են հաւասարակշռութիւն պահպանել, սակայն արդէն ակնյայտ է, որ առաջխաղացում կայ: Ի հարկէ դա բաւական չէ, բայց եւ այնպէս փոփոխութիւններ կան: Նրանց յայտարարութիւններում արդէն յստակ երեւում է հասցէատէրը: Ու եթէ Ատրպէյճանը չվերադառնայ իրողութիւններին, ապա այս գործընթացը կը խորանայ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.