ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Դաշնակցականներով լեցուած էր Փասատինայի Հայ կեդրոնը: Մեծն Լոս Անճելըսի տարբեր շրջաններէն դաշնակցական շարքայիններ Չորեքշաբթի 16 Դեկտեմբերին հաւաքուած էին՝ ունկնդրելու կարճ այցելութեամբ շրջանս գտնուող ՀՅԴ Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէի եւ Սուրիահայ Շտապ օգնութեան մարմինի անդամ Ներսէս Սարգիսեանը:
«Ընկերական զեկուցական հանդիպում» էր՝ վերապահուած միայն դաշնակցական շարքայիններու: Երանի թէ զեկուցումը բաց ըլլար հանրութեան: Ուղղակի արագ կարգադրութեամբ կազմակերպուած հաւաք էր. ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն Ներսէսը առեւանգած էր Արեւելեան շրջանէն, ուր ան հրապարակային զեկուցումներ տալու գացած էր՝ այցելելով հայ համայնքներ ունեցող գրեթէ բոլոր քաղաքները:
Տոքթ. Ներսէսին հետ առանձին զեկոյցով հանդէս եկաւ նաեւ Հալէպի Շտապ օգնութեան մարմինի անդամ Ռաֆֆի Աւետիսեանը:
Զեկոյցներու բովանդակութեան մեծագոյն մասը մամուլով հրապարակուած է: Սակայն երկու հալէպահայ գործիչները աւելի անմիջական դարձուցին սուրիահայ մեր ազգակիցներուն վերջին չորս տարիներու ամէնօրեայ տուայտանքը, միաժամանակ՝ փոխանցելով մեր մայր գաղութի ժողովուրդին դիմադրական ուժը, վերապրելու կամքն ու վճռականութիւնը:
Զեկուցողները առիթը անպայման ուզեցին օգտագործել՝ իրենց երախտագիտութիւնը փոխանցելու Արեւմտեան Ամերիկայի հայ համայնքին, սուրիահայութեան կատարած իր օժանդակութեանց համար: Ունկնդրողներու դէմքերու արտայայտութենէն զեկուցողները պէտք է անդրադառնային, որ շնորհակալութեան կամ երախտագիտութեան խօսքերու կարիք չկար. ընդհակառակը, հաւաքուողները կրնային անհանգիստ զգալ, որ բաւարար չափով աջակցած չեն այն հրաշալի տղոց ու աղջիկներուն, որոնք իրենց կեանքը ամէն վայրկեան վտանգելով՝ կը փորձեն մեղմացնել կրակի տակ ապրողներու տառապանքը, տեղ հասցնել անհրաժեշտ օգնութիւնը, վիրաւորներ փոխադրել հիւանդանոց, կրթական ու համայնքային կեանքի՝ գոնէ երեւութապէս բնականոն պայմաններ ստեղծել:
Ներկաները դիտեցին նաեւ տեսաերիզ մը, որ աւելի եւս պարզ կը դարձնէր այն հերոսական ճիգերը, զորս համայնքի կազմակերպ ուժը ի գործ կը դնէր՝ տէր կանգնելու ազգային կառոյցներուն ու ժողովուրդին:
Խոնաւ աչքերը շատ էին ունկնդիրներուն մէջ: Սրահէն հեռացանք. իւրաքանչիւրիս ներաշխարհը թափանցողը կրնար շօշափել մեր հպարտութիւնը Հալէպի հայութեամբ: Յուսանք մեր զեկուցող ընկերները կը փոխանցեն մեր հպարտութեան հետ նաեւ մեր երախտագիտութիւնը, որ անոնք հսկայ զոհողութիւններով կանգուն կը պահեն հայկական ամրաբերդ մը։