Վերջերս լոյս տեսաւ Այիդա Տոնոյեանի հեղինակած մանկական բանաստեղծութիւններու պատկերազարդ ու գեղատիպ գիրքը՝ «Քաղցր Մանկութիւն» խորագիրով: Անիկա յարմար է բոլոր տարիքի մանուկներուն համար:
Գիրքը կը բաղկանայ 27 էջերէ եւ կը պարունակէ 23 բանաստեղծութիւններ՝ բոլորն ալ մանկական թեմաներով, միաժամանակ հաճելի ու դաստիարակիչ բնոյթով:
Գիրքին իւրաքանչիւր էջին վրայ կայ բանաստեղծութիւն մը՝ գունագեղ նկարներով: Գիրքի նկարներուն հեղինակն է արուեստագէտ Քրիս Կարապետեանը, որ աշխատած է աշխարհահռչակ «Warner Brothers» ընկերութեան հետ:
Բանաստեղծութիւնները արեւելահայերէն են՝ նոր ուղղագրութեամբ:
Հեղինակը ծնած է Երեւան, իսկ այժմ կ՛ապրի Լոս Անճելըս: Ան կ՛ըսէ. «Յուսամ, որ մանուկները կը հաւանեն այս ոտանաւորները եւ մի քիչ կը կտրուեն այսօրուայ էլեկտրոնիք խաղերից: Գրքասիրութիւնը պէտք է զարգացնել երեխաների մէջ վաղ տարիքում: Երբ ծնողը զաւակի հետ գիրք է կարդում եւ վերլուծում է կարդացածը, զաւակը սովորում է մտածել եւ արտայայտուել: Այդ երեխաները յետագայում մարդկանց հետ շփուելիս՝ լինում են աւելի ինքնավստահ եւ համարձակ»:
Գիրքը հրատարակուած է Երեւանի մէջ, «ՎՄՎ ՊՐԻՆՏ» հրատարակչութեան կողմէ: Գիրքի շապիկը եւս գունաւոր է ու պատկերազարդ՝ որակաւոր տպագրութեամբ:
Օրինակ մը ստանալու համար, դիմել «Սարդարապատ» կամ «Ապրիլ» գրախանութները, կամ՝ ուղղակի հեղինակին՝ (818) 405-2700 թիւով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.