Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի առիթով, Գահիրէի Գալուստեան-Նուպարեան վարժարանի երկու սանուհիներ Լիլիթ եւ Մանէ Սայեաններ (15 եւ 14 տարեկան) պատրաստած են «Կը Յիշենք, Կը Պահանջենք» խորագիրով գրքոյկ մը: Այս մասին իր «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ արձանագրած է դպրոցի հայերէնի ուսուցչուհի, գրող Մարուշ Երամեան:
36 էջերու վրայ քոյրերը հաւաքած են մեր պատմութեան ամէնէն կարեւոր թուականները, դէպքերն ու Ցեղասպանութեան հետ առնչուած տուեալները՝ հասնելով մինչեւ Երկրորդ Հանրապետութիւն եւ Արցախի ազատագրական պայքար:
Առատ լուսանկարները, երկու քարտէսներն ու ցանկերը հետաքրքրական կը դարձնեն գրքոյկը: