ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Փօլ Գրիգորեանի եւ Տէյվիտ Ռիուի:
Փօլ Գրիգորեան առաջնորդ սրբազանին ներկայացուց իր պաշտօնակիցը, որ քաղաքապետական խորհուրդի նորագոյն անդամն է: Առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեց Ռիուի ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց իր հանրօգուտ ծառայութիւններուն մէջ:
Հանդիպումը առիթ եղաւ տեղեկութիւններ հաղորդելու Ազգ. առաջնորդարանի ծառայական աշխատանքներուն մասին, ապա նաեւ խորհրդակցելու Լոս Անճելըս քաղաքի կարգ մը անմիջական հարցերուն շուրջ, մասնաւորաբար այն նիւթերուն, որոնք կը շահագրգռեն հայ ամերիկացի եւ քորէացի ամերիկացի համայնքները, այն նկատառումով, որ երկու համայնքներն ալ ներգաղթող հաւաքականութիւններ են, նոյն Աստուծոյ զաւակները, եւ կրնան սերտ գործակցութիւն ունենալ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.