Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը՝ CCAF-ը, Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ Դեկտեմբեր 3ին քննարկուած՝ ժխտողականութեան պատժելիութիւնը նախատեսող Պուայէի օրինագիծին մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է:
Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ այդ օրինագծով Վալերի Պուայէ այժմէականացուց մարդկային իրաւանց բոլոր պաշտպաններուն համար կարեւոր այդ հարցը:
CCAF կ՛ողջունէ այն հանգամանքը, որ խնդրոյ առարկայ օրինագիծը միայն զօրակցութեան արժանացած է Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւններուն կողմէ: Այդ ալ կը նշանակէ, թէ անոր պարունակով արտայայտուած մտահոգութիւնը լայնօրէն կը բաժնեն Ֆրանսայի ազգային ներկայացուցիչները:
«Եթէ հասկնալի է օրինագիծին փոխանցումը՝ Օրէնքներու յանձնաժողովին անոր իրաւաբանական հիմք ապահովելու նպատակով, նկատի ունենալով, որ 2012ին նման փորձ մը բախած էր Սահմանադրական խորհուրդի խոչընդոտումին, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ այդ քայլը պէտք է հոմանիշ դառնայ ձգձգումի», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
CCAF կառավարութենէն, խոր-հրդարանական մեծամասնութենէն, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւանց բոլոր պաշտպաններէն կ՛ակնկալէ, որ սրտանց հետամուտ ըլլան Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ՝ պետական անընդունելի ժխտողականութեան դէմ պայքարին եւ այդ ժխտողականութեան դէմ սահմանեն իրաւաբանական պատասխան մը, որ խափանէ վնասաբեր հետեւանքները:
«Ժխտողականութիւնը ոճիր է. պատժելու համար անհրաժեշտ է օրէնք մը», կը յիշեցնէ ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը:
Աւարտին կ՛ըսուի, թէ ներկայիս CCAF նախագահ Հոլանտէն կ՛ակնկալէ, որ անյապաղ օրինագիծ մը բերէ Ազգային ժողովի օրակարգին, ինչպէս ան յանձնառու եղած էր այդ քայլը առնելու: