ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10ի երեկոյեան, ահաբեկչութեան ձեռքը անգամ մը եւս ապահովական քաոսի մատնեց Լիբանանը եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններու Պըրժ Պարաժնէ-Այն Սըքքէ շրջանը թիրախ դարձուց զոյգ պայթումներու, որոնք գործուեցան անձնասպանութեան դիմած ահաբեկիչներու կողմէ:
Նախ Պըրժ Պարաժնէի մէջ, Իմամ Հիւսէյնի մզկիթին մօտակայքը տեղի ունեցաւ պայթում մը, որուն յաջորդեց երկրորդ անձնասպանական գործողութիւնը՝ արձանագրելով մեծաթիւ զոհեր:
Շրջանի բնակիչները, որոնք փութացին փրկարար աշխատանքներ կատարելու, նկատած են անձնասպանական գործողութեան երրորդ հեղինակի մը դիակը, որուն վրայ կը գտնուէր ականուած գօտին, որ չէր պայթած:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը Ուրբաթ օր պաշտօնապէս յայտարարեց, որ արձանագրուած են 44 զոհեր եւ 239 վիրաւորներ:
Լիբանանը ցնցած այս անարգ ոճիրէն քանի մը ժամ ետք, «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը ստանձնեց անոր պատասխանատուութիւնը՝ յայտարարելով, որ պաղեստինցի մը եւ սուրիացի մը գործած են այդ պայթումները:
Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամ Ուրբաթ օր նախագահեց ապահովական արտակարգ նիստի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ այս յարձակումը պէտք է ըլլայ առիթ մը՝ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն շուրջ համախմբուելու եւ անոնց նեցուկ կանգնելու: