ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Ռեկնիւմ» լրատուական գործակալութեան կեդրոնին մէջ կայացած եւ Մոսկուայի մէջ Արցախի օրերուն նուիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան հաստատած է, որ Արցախը երբեք մաս չէ կազմած Ատրպէյճանին։
«Մի շարք եւրոպական եւ ամերիկեան քաղաքներ եւ նահանգներ, այդ թւում՝ Լոս Անջելեսը, ինչպէս նաեւ աւստրալական Նոր Հարաւային Ուելս նահանգն արդէն ճանաչել են Լեռնային Ղարաբաղի՝ ինքնորոշման իրաւունքը: Ինչ վերաբերում է պետութիւնների կողմից ճանաչմանը, ապա դա ժամանակի եւ քրտնաջան աշխատանքի հարց է», նշած է ան։
Նախագահ Սահակեան դիտել տուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւնը կը կառուցուի բազմաճիւղութեան եւ պատուասիրական սկզբունքներու վրայ:
«Մենք ձգտում ենք կայուն եւ սերտ յարաբերութիւններ ունենալ բոլոր այն երկրների հետ, որտեղ մենք սփիւռք ունենք», ընդգծած է ան: Խօսելով սահմանին վրայ տիրող իրավիճակին մասին՝ նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ՝ ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի, Լեռնային Ղարաբաղ կը փորձէ ամէն ինչ ընել, որպէսզի նուազի լարուածութիւնը, եւ խթանուին միջազգային միջնորդներուն ջանքերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.