
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3ին տեղի ունեցած քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն ընթացքին, յաղթանակներ արձանագրած են հայազգի թեկնածուներ:
Արդարեւ, Մոնթեպելլոյի ընտրութիւններուն ընթացքին, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ վերընտրուած է քաղաքապետ Ճեք Հաճինեան, որ առաջին անգամ 2011ին ընտրուած էր Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ։
Նոյն քաղաքի գանձապահի պաշտօնին թեկնածու Աշոտ Մուրատեան բաւարար քուէ չկրցաւ ապահովել գանձապահ ընտրուելու համար։ Ան ստացաւ քուէներուն 28 տոկոսը։

Միւս կողմէ, Մէյն նահանգի Ուեսթպրուք քաղաքին մէջ, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուած է Պաքուի ջարդերէն փրկուած Աննա ԱստուածատուրեանԹըրքոթ, որ մասնագիտութեամբ իրաւաբան է եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան: Ան նաեւ հեղինակած է Պաքուէն իր ընտանիքի փախուստին մասին՝ «Nowhere, a Story of Exile» հատորը: