ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստանի 2016ի պետական ամավարկի (պիւտճէի) նախագիծին համաձայն՝ պաշտպանութեան ոլորտին պիտի յատկացուի 208.014 միլիառ դրամ՝ ընթացիկ փոխարժէքով շուրջ 430 միլիոն տոլար: Այս գումարին 200.353 միլիառ դրամը պիտի յատկացուի ռազմական պաշտպանութեան, իսկ հետազօտական եւ նախագծային աշխատանքներուն՝ 1.641 միլիառ դրամ: 5.5 միլիառ դրամ պիտի յատկացուի պաշտպանութեան ոլորտի մատակարարման:
2015ին Հայաստանի ռազմական ամավարկը 199.033 միլիառ դրամ էր՝ շուրջ 417 միլիոն տոլար:
Այսպիսով, 2016ին կը նախատեսուի Հայաստանի պաշտպանութեան ոլորտի ծախսերը աւելցնել 4.5 տոկոսով: Հայաստան նաեւ մտադիր է 200 միլիոն տոլարի զէնք գնել Ռուսիայէն:
Ատրպէյճանի պաշտպանական ծախսերը 2016ին կը նախատեսուին 1.838 միլիառ մանաթ (1.767 միլիառ տոլար): Այս գումարին մէջ կը մտնեն նաեւ շարք մը այլ ուժային կառոյցներուն յատկացուող միջոցները: Հետեւաբար, բանակին տրամադրած իրական ծախսերը յայտարարուածէն քիչ են: Գումարային առումով 2015ին Ատրպէյճան իր ուժային կառոյցներուն յատկացուցած էր 1.778 միլիառ մանաթ, որմէ բանակին համար ծախսած էր 1,255 միլիառ մանաթ կամ 1.206 միլիառ տոլար: 2016ին ուժային կառոյցներու համար Պաքուի ծախսերը պիտի աւելնան 3.3 տոկոսով: