ՄԱՐԻ Մ. ԵԱՐԱԼԵԱՆ
Սուրիացի փախստականներու աղմկայարոյց երեւոյթին մէջ քանի մը երեւոյթ ուշագրաւ է.
– Գաղտնիք չէ, որ փախստականներու առաջին մեծ կայանը Թուրքիան է, մանաւանդ՝ ծովեզերեայ քաղաքները: Հազարաւոր գաղթականներ (ոչ միայն սուրիացի) կը հաւաքուին Իզմիրի նման քաղաքներու մէջ, ուր յաճախ անօթեւան՝ մայթերուն վրայ կը սպասեն յարմար մաքսանենգը, որ զիրենք դէպի Եւրոպայի «ապահով ափեր» պիտի փոխադրէ:
– Անոնց օթեւանած շրջանները եւ փողոցները յայտնի են: Թրքական մամուլին մէջ այս մասին բազմաթիւ նիւթերու կարելի է հանդիպիլ: Գաղթականները չեն թաքցներ, որ իրենք այդ մայթերուն վրայ «միջնորդ» կը սպասեն: Անոնք բացայայտօրէն կ՛ըսեն, թէ իրենց հաւանական ճամբորդութեան համար քանի հազար տոլար կամ եուրօ վճարած են կամ պիտի վճարեն:
– Եթէ լրագրող մը կրնայ այդ գաղթականներուն հասնիլ, լուսանկարել, հարցազրոյցներ ունենալ եւ հեռատեսիլով ցոյց տալ, թէ ինչո՞ւ թրքական իշխանութիւնները իրենց երկիրը մտած եւ փողոցները «գրաւած» այս գաղթականներու ներկայութեան չարձագանգեցին: Ինչո՞ւ այդ «միջնորդ»ներու հետքերը չհետապնդեցին: Ոմանք կրնան մտածել, որ նպատակը մաքսանենգութեան շղթայի միւս օղակներու բացայատումը կրնայ ըլլալ. համոզի՞չ է: Ինչո՞ւ չխստացուցին ծովային սահմաններու հսկողութիւնը:
– Աննկարագրելի դժուարութիւններ դիմագրաւելէ ետք, եւրոպական ցամաքամաս ոտք դրած գաղթականներու ընթացքը ուրիշ հարցումի տեղի կու տայ: Գիտեմ, որ անյարմար պիտի հնչէ, բայց պիտի ըսեմ. գաղթականներուն՝ եւրոպական երկիրներու սահմաններուն շուրջ զանգուածային ներկայութիւնը ինծի չինացիներու մասին կատակ մը յիշեցուց: Կը յիշէ՞ք. կ՛ըսէին, որ չինացիները զէնքի պէտք չունին. եթէ որոշեն երկիր մը գրաւել, կը բաւէ որ դէպի այդ երկիրը քալեն: Հիմա, տխուր այս իրականութիւնը նոյն պատկերը կը գծէ միտքիս մէջ: Ուրեմն՝ կը բաւէ քանի մը տասնեակ հոգիով քալել դէպի երկիրի մը սահմանը եւ… վե՞րջ: Սահմանները կը բացուի՞ն:
– Եւ այդ քայլարշաւը ուղղուած է դէպի հին ցամաքամասի ամէնէն կայուն տնտեսութիւնը՝ Գերմանիան:
– Օգոստոսի կէսերէն սկսեալ թրքական մամուլը, զանգուածաբար, սկսաւ նկատելի թափով լուսաբանելու սուրիացի փախստականներու երեւոյթը: Այդ դրուագներու գագաթնակէտը փոքրիկն Այլանի դէպքն էր: Ողբերգութիւնը աւելի «ցնցող» դարձնելու համար եղած բեմադրութիւնը մարդկային միտքի եւ խիղճի աղքատութիւնը պատկերող ուրիշ ողբերգութիւն մըն է:
– Քանի՞ գաղթական խեղդամահ եղած է: Ոչ մէկ կողմ պիտի կարենայ ճշգրիտ պատասխան ունենալ. երբեք:
– Ինչո՞ւ յանկարծ գաղթականներու երեւոյթը առաջնահերթ դարձաւ: Ինչո՞ւ այդ ՄԷԿ հատ «ցնցող» պատկերը պէտք էր: Շատ վերլուծումներ կան: Չեմ գիտեր, թէ անոնք ինչ չափով առարկայական եւ ճիշդ են: Ամէն բան մէկ կողմ. յստակ է, որ Թուրքիա լուրջ եւ կեղտոտ դեր կը խաղայ նաեւ այս խնդիրին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.