ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հունգարիոյ հայ համայնքը կը սպասէ այդ երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան պատասխանին՝ Գուրգէն Մարգարեանի յուշատախտակի տեղադրման համար:
Հունգարիոյ Հայկական ազգային ինքնավարութիւն կազմակերպութեան փոխնախագահ Նիկողոս Յակոբեանի համաձայն՝ անմիջականօրէն սպանութեան վայրի մօտակայքը յուշատախտակի տեղադրումը անհնար է: «Մենք Հունգարիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան ուղարկած ենք: Անոնք խոստացած են յուշատախտակի տեղադրման համար այլ վայր յատկացնել: Հիմա նախարարութեան պատասխանին կը սպասենք», նշած է Նիկողոս Յակոբեան:
Համայնքի ներկայացուցիչը նաեւ նշած է, որ յուշատախտակի վերջնական տարբերակը կախեալ է յատկացուած վայրէն, չափերէն եւ շրջակայ տարածքէն: Ան նաեւ նշած է, որ Հայաստանէն քանդակագործ Աշոտ Պաղտասարեան պատրաստակամութիւն յայտնեց անհատոյց պատրաստելու յուշատախտակը:
Յիշեցնենք, որ 19 Փետրուար 2004ին, Պուտափեշթի մէջ Օթանի վարժողական ծրագիրներէն մէկուն մասնակցութեան ընթացքին հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեան քնացած պահուն կացինով սպաննուած էր ատրպէյճանցի Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ: Վայրագ արարքը ունէր մէկ պատճառ՝ Գուրգէն Մարգարէան հայ էր:
Հունգարական դատարանը մարդասպանը ցմահ բանտարկութեան դատապարտեց՝ առանց 30 տարի համաներման իրաւունքի: 31 Օգոստոսի 2012ին, Ատրպէյճանի եւ Հունգարիոյ միջեւ գաղտնի բանակցութիւններու արդիւնքով, Սաֆարով յանձնուեցաւ Պաքուի, ուր ան անմիջապէս ազատ արձակուեցաւ եւ հերոսացուեցաւ:
Նոյն օրը Հայաստան խզեց Հունգարիոյ հետ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները: