ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան ընդդիմադիր շրջանակներու մօտ ընդվզում յառաջացուց, երբ չուզեց կառավարութիւն կազմելու պարտականութիւնը յանձնել Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուին։
«Հիւրրիյէթ»ի թղթակցին հետ զրոյցի մը ընթացքին, Քըլըճտարօղլու Էրտողանը ամբաստանեց ահաբեկչութիւն հրահրելու յանցանքով։ Ան յիշեցուց, որ Էրտողան արդէն իսկ նախագահական իր երդումը դրժած է, երբ պաշտօնապէս ըսած է, որ ինք անկողմնակալ մէկը չէ ու փաստօէն իշխող կուսակցութեան ի նպաստ քարոզչութիւններ կատարած է։
Քըլըճտարօղլու, այլ մեղադրանքներու կարգին, մասնաւոր կերպով ծանրացաւ Էրտողանի «երանի նահատակներու ընտանիքներուն» խօսքին վրայ եւ ըսաւ. «Դուն քու զաւակներդ զինուորական ծառայութենէ կը փախցնես, իսկ երբ աղքատ մարդոց զաւակը պիտի նահատակուի, «երանի՜ այդ ընտանիքին» կ՛ըսես։ Լա՛ւ, ուրեմն դուն ինչո՞ւ բնաւ չփնտռեցիր նահատակի ընտանիք ըլլալու երջանկութիւնը»։
Քըլըճտարօղլու պնդեց, թէ Էրտողան պատճառ դարձաւ, որ վերաշխուժանայ ահաբեկչութիւնը։