ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- «Երկիր եւ Մշակոյթ» կազմակերպութեան վաստակաւոր անդամներէն՝ գաղութիս հասարակական կեանքին մէջ մշտապէս ներկայ Նազարէթ Գեւոնեան, անցեալ Երկուշաբթի «Ասպարէզ»ի խմբագրատուն այցելեց՝ կատարելու համար իր ուխտը՝ տասը հազար տոլար նուիրել թերթին:
Խմբագրութեան անդամներուն հետ պարոն Գեւոնեան զրուցեց «Երկիր եւ Մշակոյ»չի գործունէութեան մասին, որուն մէկ նախաձեռնութեան մասնակից դառնալու համար, քանի մը օրէն ան պիտի մեկնէր Հայաստան:
Պարոն Գեւոնեան նաեւ իր գնահատական խօսքերով քաջալերեց թերթի անձնակազմը, եւ «Ասպարէզ»ի 107րդ տարեդարձին առթիւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց մամլոյ ընտանիքի այս երէց անդամին: