ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Օգոստոս 17ին տեղեկացուած է, որ Ռուսիոյ Արմաւիր քաղաքի մօտակայքը արկած մը պատահած է. արդարեւ, Երեւանէն Անապա ուղեւորուող «Մերսետես» մակնիշի փոքր հանրակառք մը ճամբայէն դուրս գալով՝ հարուածած է ծառ մը: Նախնական տուեալներու համաձայն՝ հանրակառքին մէջ կար 20 հոգի. ներկայիս արձանագրուած է 2 զոհ՝ Ղուկասեան Արմէն (երկրորդ վարորդը, 1978ի ծնունդ), իսկ 2րդ զոհի ինքնութիւնը չէ պարզուած տակաւին։
13 վիրաւոր տեղափոխուած է Արմաւիր քաղաքի 3րդ քաղաքային հիւանդանոցը: Անոնք են՝ Բրոյեան Էսթեր (18 տարեկան), Բալգինա Սուետլանա (40), Խուդոյեան Գիւլիզարա (53), Խաչատրեան Հրաչ (55), Ղուկասեան Կառլեն (22), Պօղոսեան Վազգէն (52), Պոկույեան Սերժ (46), Յովհաննիսեան Արմէն (17), Յարութիւնեան Արծրուն (21), Բէյրուսեան, Պօղոսեան եւ Բէյբուցեան (ծննդեան թուականն ու անունները չեն ճշդուած)։ Մնացեալ 5 ուղեւորները շարունակած են իրենց ճանապարհը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.