ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Յուլիս 26ին, «Ջահերով վերելք Արարատ լերան գագաթը» նախագիծի անդամները բարձրացած են Արարատ լերան գագաթը, պարած Եարխուշտան, ծածանած 100 մեթր երկարութեամբ Եռագոյն դրօշը՝ յաղթահարելով շարք մը դժուարութիւններ: Վերելքը նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին:
Ջահերով վերելքին միացած է նաեւ «Կարին» ազգագրական երգի-պարի համոյթը՝ գեղարուեստական ղեկավար Գագիկ Կինոսեանի գլխաւորութեամբ:
Նախագիծի ու ջահերով վերելքի կազմակերպիչներն էին ամուսիններ Յովհաննէս Մարտիրոսեան եւ Անուշիկ Սիմոնեան: «Վերելքը սկսած է Յուլիս 26ին, եւ Յուլիս 29ին արդէն իսկ Արարատ լերան գագաթին էինք», լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին իր անցած ճանապարհին մասին պատմելով՝ ըսած է Յովհաննէս Մարտիրոսեան եւ նշած, թէ արդէն իսկ 14րդ անգամն է, որ կը բարձրանայ Արարատի գագաթը:
«Հերթական վերելքներու ժամանակ մենք ունեցած ենք բարենպաստ պայմաններ, եւ ա՛յդ իսկ ժամանակ գաղափարը ծնած է. որոշեցինք, որ այս տարի, երբ կը նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը, անպայմա՛ն պէտք է բարձրանանք», նշած է Յովհաննէս Մարտիրոսեան՝ տեղեկացնելով, որ 35 հոգիով, շուրջ 3 օրուան ընթացքին բարձրացած են Արարատի գագաթը:
Հիմնական խոչընդոտը, ըստ լեռնագնացներուն, եղած է այն, որ թուրքերու եւ քիւրտերու փոխադարձ կրակոցներէն խուսափելու համար՝ ստիպուած եղած են այլ ճանապարհներով բարձրանալու:
Լերան գագաթը ջահերով բարձրանալու մտայաղացման հեղինակ Անուշիկ Սիմոնեան իր կարգին ըսած է, թէ քանի որ տարիներ շարունակ, Ապրիլ 23ին ջահերով կ՛երթան Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, որոշած են, որ Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւս շարունակել ու ջահերով երթը հասցնիլ Արարատի գագաթ:
«Կարին» խումբի ղեկավար Գագիկ Կինոսեան ըսած է, թէ ձեռք-ձեռքի տուած՝ յաղթահարած են բոլոր դժուարութիւնները եւ Արարատի գագաթին Եարխուշտա պարած են: «Մեր խանդավառութիւնը, երգն ու պարը աւելի տոկունութիւն կու տային այդ գաղափարին», նշած է Գագիկ Կինոսեան եւ աւելցուցած. «Կ՛ուզէի, որ Գէորգ Էմինը կենդանի ըլլար եւ խմբագրէր բանաստեղծութիւնը, որովհետեւ այնտեղ կ՛ըսէ՝ «Մասիս լերան լանջին պարենք», այն, ինչ մենք Արարատի գագաթին պարեցինք»: