ԵՐԵՒԱՆ.- «Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, որ Գանատայի պաշտպանութեան նախարար Ճէյսըն Քենի Թորոնթոյի մէջ Հայ-գանատական պահպանողական ընկերակցութեան կազմակերպած երեկոյին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ վերահաստատած է իր կուսակցութեան յանձնառութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մէջ արդար պայքար մղելու վերաբերեալ:
«Մեր Պահպանողական կուսակցութիւնը, անկախ քաղաքական ճնշումներէն, պիտի շարունակէ հաստատակամօրէն մնալ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մէջ պատմական իրականութեան ճիշդ կողմը», ըսած է Քենի:
Ան ընդգծած է նաեւ Պահպանողական կուսակցութեան պատրաստակամութիւնը Միջին Արեւելքի կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններուն ոտնահարուած իրաւունքները պաշտպանելու: