ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Գիւմրի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին իբրեւ հետեւանք անօթեւան մնացած ընտանիքներուն բնակարանի արձանագրութեան փաստաթուղթի միջոցով ֆինանսական աջակցութիւն տրամադրելու նպատակով Շիրակի մարզպետարանին յատկացուած 1.5 միլիառ դրամէն ծախսուած է շուրջ 93 տոկոսը: Չօգտագործուած միջոցներէն շուրջ 61 միլիոն դրամը, կառավարութեան որոշումով, պիտի յատկացուի Շիրակի մարզին մէջ բնակող բազմազաւակ (9 եւ աւելի երեխայ ունեցող) ընտանիքներուն բնակարանային պայմաններու բարելաւման։
Կառավարութեան հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն՝ այլ որոշումով մը գործադիրը լուծած է Գիւմրիի Մուշ-2 եւ Անի թաղամասերուն մէջ 2012 թուականին պետական աջակցութեամբ կառուցուած շէնքերէն բնակարան ստացած եւ բնակարան ստանալէ ետք մահացած անձերուն յատկացուած բնակարաններուն առնչուող իրաւայաջորդութեան կապուած հարցերը:
«Արդար եւ կարեւոր որոշումներ են», հաստատած է վարչապետը:
Նիստին ընթացքին լուծուած է նաեւ Գիւմրիի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին երաժշտական գործիքներով ապահովելու հարցը, այդ նպատակով Շիրակի մարզպետարանին յատկացուած է 5 միլիոն դրամ: Քանի մը օր առաջ Գիւմրի կատարած այցելութեան ընթացքին այդ խնդրանքով վարչապետի դիմած էին նուագախումբին անդամները:
Կառավարութիւնը Գեղարքունիքի մարզի Ճամբարակ համայնքին մէջ 2015ին ուժեղ քամիէն վնասուած բազմաբնակարան երկու շէնքի տանիքներու նորոգման նպատակով Գեղարքունիքի մարզպետարանին յատկացուցած է մօտ 50 միլիոն դրամ:
5 միլիոն դրամ ալ յատկացուած է Մեղրիի տարածաշրջանի գիւղատնտեսութիւնը զարգացնելու եւ բնակչութեան կողմէ անհատական ոռոգման ջրմուղներու օգտագործուած ելեկտրականութեան արժէքը փոխհատուցելու համար:
Կրթական կառոյցներու նորոգութեան ծիրին մէջ տնտեսուած շուրջ 63 միլիոն գումարը տրամադրուած է Աբովեան քաղաքի N 2 հիմնական դպրոցի նորոգութեան աշխատանքին։