ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Հայաստանի կառավարութեան նիստերու մեծ դահլիճին մէջ 7 Օգոստոսին կայացած Շինարարի օրուան նուիրուած տօնական հանդիսութեան ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան լուսարձակի տակ առած է շինարարութեան եւ շինարարին կարեւորութիւնը Հայաստանի մէջ։
«Շինարարութեան ոլորտը Հայաստանում առանձնայատուկ ընկալում ունի եւ պատահական չէ, որ Հայաստանի անկախ Հանրապետութիւնը վերահաստատելով Շինարարի օրը, այն դարձրել է աւանդական՝ փաստելով, որ շինարարութիւնը եղել եւ մնում է մեր երկրի տնտեսութեան կարեւոր եւ առանցքային բնագաւառներից մէկը», նշած է ան։
Վարչապետը Հայաստանի կառավարութեան եւ անձամբ իր անունով շնորհաւորած է շինարարները՝ մաղթելով ստեղծագործական անսպառ եռանդ եւ աշխատանքային յաջողութիւններ:
«Անցեալ դարի փայլուն վարպետների փորձն ու հմտութիւնները համադրելով ժամանակակից շինարարական տեխնոլոգիաներին՝ դուք այսօր կառուցում էք աւելի բարձրորակ եւ սէյսմակայուն շէնքեր: Ցանկանում եմ ուրախութեամբ ընդգծել, որ հայկական ժամանակակից շինարարութիւնը շարունակելով ոլորտի հարուստ աւանդոյթները՝ այսօր էլ ստեղծում է շինութիւններ, որոնցով յիրաւի հպարտանում ենք: Նորանկախ Հայաստանում ձեր շնորհիւ զարգացել են նաեւ շինարարական տեխնոլոգիաները, ինչը մեր շէնքերի ամրութեան գրաւականն է», ըսած է վարչապետը:
Կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ հայ շինարարը կառուցած է նաեւ երկրին մէջ տիրող ամէնէն դժուար ժամանակաշրջաններուն եւս՝ համոզում յայտնելով այն մասին, որ այսուհետեւ եւս շինարարները պիտի շարունակեն աշխատիլ նոյն սիրով եւ եռանդով, քանի որ հայ շինարարը ոչ միայն քարը քարին վրայ դնողն է, այլ նաեւ ազգային արժէքներու եւ աւանդութիւններու փոխանցողը:
Վարչապետը ընդգծած է, որ կառավարութիւնը նոր նախագիծերով եւ ծրագիրներով նպատակաուղղուած ջանքեր ի գործ կը դնէ երկրին մէջ շինարարութեան ոլորտը զարգացնելու, շինարարական կազմակերպութիւններուն եւ կառուցապատող ընկերութիւններուն աջակցելու նպատակով՝ նախատեսելով համապատասխան վարկերու միջոցով խրախուսման գործառնութիւնները:
«Արդէն իսկ ձեզ են սպասում ներդրումային քաղաքաշինական ծրագրերը մայրաքաղաքում՝ «Հին Երեւան«ը, «Ֆիրդուս»ի թաղամասը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ուշագրաւ նախագծեր հանրապետութեան մարզերում՝ ենթակառուցուածքների, դպրոցաշինութեան, առողջապահութեան, մշակոյթի, սպորտի եւ այլ ոլորտներում», յայտնած է Յովիկ Աբրահամեան:
Շինարարի օրուան առիթով եւ քաղաքաշինութեան բնագաւառին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար Հայաստանի վարչապետի յուշամետալով պարգեւատրուած են Հայաստանի շինարարներու միութեան պատուաւոր անդամ Վովա Մարգարեանը եւ «Երեւանշին» ընկերութեան տնօրէն Վազգէն Պօղոսեանը: Հայաստանի վարչապետի շնորհակալագիր ստացած են «Գոհարիկ» ընկերութեան տնօրէն Սամուէլ Խաչատրեանը, «Մետրոշինվէրանորոգում» ընկերութեան վարչութեան նախագահ Արամայիս Որսկանեանը, նախագիծի գլխաւոր կառուցող Փօլ Չաթալպաշեանը: