ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Էյ.Փի.».- Թուրքիոյ առաջարկով հրաւիրուած ՆԱԹՕի անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներու Յուլիս 28ի արտահերթ ժողովէն ետք, ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարեց, որ կառոյցը, իր ուժերուն ներած չափով՝ կ՛օժանդակէ Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչութեան դէմ մղուող պայքարին:
Թրքական «Տողան» լրատուական գործակալութիւնը գրած է, թէ երբ Սթոլթենպերկին հարցուած է Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ ապահովութեան գօտի ստեղծելու մասին, ան նշած է, թէ ՆԱԹՕն մաս չի կազմեր նման գօտի մը ստեղծելու աշխատանքներուն, որոնց շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացած է Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ:
Քուլիսներու ետին, ՆԱԹՕի անդամ երկիրներու կարգ մը ներկայացուցիչներ քիւրտերուն դէմ իր գործողութեանց մէջ առաւելագոյն զսպուածութիւնը ցուցաբերելու կոչ ըրած են Անգարային, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել քիւրտերու հետ հաշտութեան հոլովոյթը։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իր երկիրը ցամաքային ուժեր Սուրիա պիտի չուղարկէ, սակայն Միացեալ Նահանգներուն հետ համաձայնած է՝ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարող սուրիական ընդդիմադիր ուժերուն օդային աջակցութիւն տրամադրելու:
Ան նշեց, որ Թուրքիոյ նպատակը Սուրիոյ մէջ իսլամ ծայրայեղական զինեալներէն ազատագրուած գօտիին մէջ այդ երկրի չափաւոր ընդդիմադիր ուժերուն տեղակայումն է: Էրտողան նաեւ ընդունեց, որ «Իսլամական պետութեան» հետ կապուած Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին:
Մինչ այդ, «Անատոլու» հաղորդեց, որ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրաքի նախագահ Ֆուատ Մասումի հետ: Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած են Թուրքիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնները եւ անոնց դէմ կատարուած գործողութիւնները: Էրտողան նշած է, որ Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող քաոսային վիճակը սպառնալիք է Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան: Թրքական կողմին նախաձեռնութեամբ կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեւած է 20 վայրկեան: Կը նշուի, որ Սուրիոյ հարցին մէջ կողմերը ունեցած են տարակարծութիւններ: Անոնք համաձայնած են Նոյեմբերին Անթալիոյ մէջ տեղի ունենալիք «Քսաններու» հաւաքին ընթացքին հանդիպիլ եւ քննարկել երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:
Իրաքի նախագահին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեւած է 30 վայրկեան եւ տեղի ունեցած է իրաքեան կողմին նախաձեռնութեամբ: Զրոյցին ընթացքին առանձնայատուկ տեղ տրուած է Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ պայքարին շուրջ տարուած քննարկումներուն: Մասում ընդգծած է, որ քիւրտ զինեալներու գործողութիւնները կը վնասեն շրջանին, իսկ Էրտողան քիւրտ զինեալներուն կոչ ուղղած է վար դնելու զէնքերը:
Նաեւ, Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ թրքական բանակին պատկանող հրասայլեր կրակ բացած են Սուրիոյ Ճարապլուս քաղաքին կից եւ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Զօր Մաղար գիւղին ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով 4 քիւրտեր վիրաւորուած են: