ԵՐԵՒԱՆ.– Պելճիքայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունման արձագանգած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ խորհրդարանին որոշումը նկատելով «անարդար», «պատմական իրողութիւններուն չհամապատասխանող» եւ «մարդու իրաւունքները անտեսող»:
Նախարարութիւնը Պելճիքան մեղադրած է «թրքական ինքնութիւնը սեւցնել» փորձերով:
«Այդ եւ նման որոշումներ ոչ մէկ ձեւով կը ծառայեն հայ-թրքական հաշտեցման: Մենք խստօրէն կը դատապարտենք մեզ անարդար ձեւով մեղադրող, պատմական իրողութիւններն ու թուրք ժողովուրդին յիշողութիւնը անտեսող այդ որոշումը», նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Թրքական կողմը նաեւ յայտարարած է, որ խորհրդարանին որոշումը կը հակասէ «Թուրքիոյ եւ Պելճիքայի միջեւ ձեւաւորուած յարաբերութիւններու ոգիին» եւ կրնայ անոնց վնաս հասցնել:
Յիշեցնենք, որ Պելճիքայի խոր-հրդարանը քուէներու մեծամասնութեամբ հաստատած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան՝ Պելճիքայի խորհրդարանի որոշման արձագանգելով, ըսած է. «Ներկայացուցիչների պալատի կողմից ընդունուած՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչող բանաձեւը ամբողջացնում է Բելգիայի կողմից Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը:
Ողջունելի է Բելգիայի Թագաւորութեան օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւնների կողմից Հայոց Ցեղասպանութեան աներկբայ ճանաչումը»: