«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Լիզպոնի տղոց՝ Արայի, Սեդրակի, Սարգիսի, Սիմոնի ու Վաչէի, ինքնանուիրումը ոգեկոչական, յիշատակի ձեռնարկներով կամ գրութիւններով գնահատելը անհրաժեշտութիւն է, սակայն՝ ո՛չ բաւարար:
Անհրաժեշտութիւն է, որպէսզի անոնց անուններէն ճառագայթող հայրենասիրութիւնն ու ազգասիրութիւնը կարելի ըլլայ փոխանցել նոր սերունդին, եւ անտեղեակներուն ու անտարբերներուն մատուցել գերագոյն արժէքներու համար զոհաբերութեան պատրաստակամութեան ճաճանչող օրինակ մը:
Անբաւարար է բոլոր անոնց համար, որոնք այդ երիտասարդներու հերոսական արարքին մէջ կը տեսնեն հրաւէր, կոչ, յանձնառութեան պատգամ, ու այդ պատգամի ուժով կը գնահատեն իրենց ու շրջապատի մասնակցութիւնը՝ ազգային շահերու պաշտպանութեան գործին:
Լիզպոնի տղոց հաստատած յանձնառութեան նշանաձողին հասնիլը կրնայ անկարելի ըլլալ, սակայն անոր ձգտիլը կրնայ միակ ընդունելի այլընտրանքը ըլլալ անոնց համար, որոնք կը կիսեն այդ հերոսներու գաղափարական հանգանակը:
Այդ ձգտումը կ՛ենթադրէ յաւելեալ լարում՝ միութենական կամ կուսակցական բոլոր պարտականութիւններու իրականացման ճանապարհին:
Այդ ձգտումը կ՛ենթադրէ յաւելեալ լրջութիւն ու զգաստութիւն՝ պատասխանատուութեան ամէն մակարդակի վրայ գտնուողներու պարագային:
Այդ ձգտումը կ՛ենթադրէ անկեղծութիւն ու ճշմարտութիւն՝ միութենական-ընկերային յարաբերութիւններու մէջ:
Այդ ձգտումը կ՛ենթադրէ յաղթահարումի փորձ՝ սնափառութեան ու փառասիրութեան տուրք տուող մտայնութեան, գործելակերպին ու վարուելակերպին:
Այդ ձգտումը կ՛ենթադրէ առաջին ու միակ հերթին՝ սեփական ներդրումը գնահատելու խստագոյն չափանիշի որդեգրում, առանց ուրիշներու հետ համեմատութիւններով արդարացումներ փնտռելու ամէն անգամ, երբ տկարանանք, թուլանանք:
Անիրական ձգտում չէ ասիկա: Փաստը՝ Արցախը ազատագրողները, հայրենիքի սահմանները պաշպանողները, Հայ Դատին զինուորագրուածներու փաղանգը։