ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 20 Յուլիսին Երեւանի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք տուած են մամլոյ միացեալ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձած են իրենց ունեցած հանդիպումին արդիւնքներուն:
Տոնալտ Թուսք դիտել տուած է, որ Հայաստանն ու Եւրոպական Միութիւնը աւարտած են նոր համապարփակ համաձայնագիրի նախնական բանակցութիւնները: Անոր համաձայն՝ Հայաստան որոշած է չօգտուիլ Եւրոպական Միութեան հետ համարկումի համաձայնագիր կնքելու առաջարկէն՝ ներառեալ խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի մասին համաձայնագիրէն: «Եւրոպական Միութիւնը ամբողջութեամբ կը յարգէ այդ որոշումը», ընդգծած է Թուսք:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահը նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու Հայաստանին՝ բարեփոխումներու, ազատ շուկաներու հասանելիութեան, գործարար միջավայրի համար կացութեան բարելաւման ու ներդրումներու, ինչպէս նաեւ կայուն զարգացման հարցերուն մէջ: «Բոլոր պարագաներուն, ԵՄն հաւատարիմ կը մնայ քաղաքական ու տնտեսական շարք մը բարեփոխումներու իրականացման, մարդու իրաւունքներու ու հիմնարար ազատութիւններու ոլորտին մէջ բարեփոխումներու իմաստով Հայաստանին աջակցելու իր դիրքորոշման», հաստատած է Թուսք:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր կարգին դիտել տուած է, որ անկարելի է պատկերացնել Հայաստանի զարգացումը առանց ժողովրդավարական բարեփոխումներու։
«Եթէ Ադրբեջանն ունի նաւթ ու գազ, խնդրեմ, թող Եւրամիութիւնը համագործակցի այդ երկրի հետ այդ ոլորտում: Իսկ մենք ուզում ենք, որ մեր երկրում բարեփոխումներ տեղի ունենան, որոնք կ՛ամրապնդեն օրէնքի գերիշխանութիւնն ու մարդու իրաւունքները: Որովհետեւ ես չեմ պատկերացնում Հայաստանի զարգացումն առանց բարեփոխումների, առանց Եւրոպայի փորձի ու աջակցութեան», ընդգծած է Սերժ Սարգսեան՝ աւելցնելով, որ ճիշդ այդ պատճառով՝ միանալով ԵՏՄին, Հայաստան կը շարունակէ սերտօրէն համագործակցիլ նաեւ ԵՄի հետ:
Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող բանակցութիւններուն մասին՝ նախագահ Սարգսեան դիտել տուած է, որ զանոնք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի շրջանակներէն դուրս բերելու Ատրպէյճանի փորձերը հեռանկար չունին:
Ան նշած է, որ Ռիկայի մէջ 21-22 Մայիսին տեղի ունեցած «Արեւելեան գործընկերութեան» գագաթնաժողովին մասնակիցները վերահաստատած են Եւրոպական Միութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման իմաստով իրենց լիակատար աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու միջնորդական ջանքերուն եւ 2009էն ի վեր այդ պետութիւններու ղեկավարներու մակարդակով կատարուած յայտարարութիւններուն, ինչ որ կը վերահաստատէ, որ լուծումը այլ հարթակներ տեղափոխելու ջանքերը անհեռանկար են:
«Որքան էլ Ադրբեջանը փորձի խեղաթիւրել այդ հիմնախնդրի էութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի ազատ կամարտայայտութեամբ իր ապագան որոշելու իրաւունքը վաղուց արդէն չի վիճարկւում, աւելին՝ այն ամրագրուած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահողների յայտարարութիւններում: Այդ գաղափարի համատեքստում մենք պատրաստ ենք առաջ ընթանալ ողջամիտ փոխզիջումների ճանապարհով», ընդգծած է Սերժ Սարգսեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.