ԵՐԵՒԱՆ.– Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 18-19 Յուլիս հակառակորդը շարունակած է հետեւողական կերպով խախտել զինադադարի պահպանման դրութիւնը՝ ղարաբաղեան–ատրպէյճանական հակամարտող զօրքերու շփման գիծի ամբողջ երկայնքով:
«Այդ ընթացքում տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներից բացի, հակառակորդը հարաւային ուղղութեամբ կիրառել է նաեւ 60 եւ 82 մմ. ականանետներ եւ ՀԱՆ-17 ու ՌՊԳ-7 տիպի նռնականետներ:
Պաշտպանութեան բանակի ա-ռաջապահ զօրամասերը տիրապետում են օպերատիւ իրադրութեանը եւ շարունակում վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: