ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով ատրպէյճանցի իր պաշտօնակիցին՝ Էլմար Մամետեարովի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ըսած է, որ ժամանակն է աշխուժացնելու եւ աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ տարուող բանակցութիւնները՝ հաստատելով, որ ատոր համար հիմքեր կան։
Ռուս նախարարը նշած է, որ՝ նկատի առնելով արդիւնքի հասնելու ընդհանուր տրամադրութիւնները, իրենք կրնան այդ յառաջընթացը ապահովել։ Այս մասին կը գրէ «ՌԻԱ Նովոստի»ն:
Իր կարգին Մամետեարով նշած է, որ Իրանի կորիզային խնդիրին շուրջ երկարատեւ բանակցութիւններու աւարտը յոյս կու տայ, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը նոյնպէս կրնայ լուծուիլ: «Կարգաւորումը կը դրուի շուտափոյթ յառաջընթացի գիծերուն վրայ», ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը։