ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը 2015ի Յունիս 16ին «Սարգսեան ընդդէմ Ատրպէյճանի» եւ «Չիրաքով ընդդէմ Հայաստանի» գործերով միաժամանակեայ վճիռ կայացուց՝ արձանագրելով, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը խախտած են իրաւունքները այն փախստականներուն, որոնք լքած էին իրենց տուները Արցախեան հակամարտութեան ընթացքին:
Սակայն Ատրպէյճանի պետական պաշտօնեաները ապակողմնորոշած են իրենց քաղաքացիները՝ յայտարարելով, որ Ատրպէյճանը յաղթած է, իսկ Հայաստանը՝ պարտուած:
Ահա երկու դատական գործերուն մանրամասնութիւնները. 2005ի Ապրիլ 6ին վեց ատրպէյճանցի քիւրտեր համատեղ բողոք ներկայացուցած էին Եւրոդատարան՝ ընդդէմ Հայաստանի: Անոնք պնդած էին, որ 1992ին հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան ժամանակ ստիպուած լքած էին իրենց տուները, երբ հայկական զօրքերը յարձակած էին Լաչինի վրայ, որ Հայաստանը կը բաժանէր Արցախէն: Ատրպէյճանցի փախստականները պնդած էին, որ Հայաստան խախտած էր Եւրոպական համաձայնագիրով ամրագրուած իրենց իրաւունքները. 1. սեփականութեան պաշտպանութիւն, 2. անձնական եւ ընտանեկան կեանքի նկատմամբ յարգանքի իրաւունք եւ 3. արդիւնաւէտ հատուցման իրաւունք:
2006ի Օգոստոս 11ին Մինաս Սարգսեան նմանատիպ բողոք մը ներկայացուց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան՝ ընդդէմ Պաքուի: Ան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան խախտած է իր իրաւունքները, նոյն իրաւունքները, որոնց մասին կը պնդէին վեց ատրպէյճանցի փախստականները, քանի որ ան եւս 1992 թուականին ստիպուած էր փախչելու Շահումեանի շրջանի Գիւլիստան գիւղէն, որ կը վերահսկուէր Ատրպէյճանի կողմէ:
Երկու կողմերն ալ խնդրած էին վերականգնել իրենց սեփականութեան իրաւունքը եւ պահանջել արդար փոխհատուցում:
2010ի Մարտին, քանի մը տարուան անգործութենէ ետք, դատարանը երկու գործերը յանձնեց քննութեան Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի Վերին պալատին, որ կազմուած է 17 դատաւորներէ՝ Հայաստանէն, Անտորայէն, Ատրպէյճանէն, Խրուաթիայէն, Կիպրոսէն, Իսլանտիայէն, Իտալիայէն, Սպանիայէն, Լաթուանիայէն, Լիխտենշտայնէն, Լիթվիայէն, Լիւքսեմպուրկէն, Մոնաքոյէն, Փորթուկալէն, Ռումանիայէն, Սլովենիայէն եւ Ուքրանիայէն: Վերին պալատի որոշումները վերջնական են եւ բողոքարկման ենթակայ չեն:
Այս գործերը առաջին անգամ դատարան ներկայացուելէն մէկ տասնամեակ անց Վերին պալատը 2015ի Յունիս 16ին երկու միանման դատավճիռ կայացուց՝ համարելով, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան խախտած էին իրարու փախստականներու իրաւունքները: 221 էջէ բաղկացած ծաւալուն փաստաթուղթին մէջ, ներառեալ՝ երկու դատավճիռները եւ հակասող ու համընկնող տեսակէտները, դատարանը որոշեց, որ 20ամեայ խաղաղ բանակցութիւնները չեն ազատեր երկու երկիրներու կառավարութիւններուն հարիւր հազարաւոր փախստականներու իրաւունքները պաշտպանելու իրենց պատասխանատուութենէն: Վերին պալատը նշեց, որ դատարանին մէջ ընթացքի մէջ են աւելի քան հազար անհատական դիմումներ, որոնք ներկայացուած են Արցախեան հակամարտութեան ժամանակ տեղահանուած հայերու եւ ատրպէյճանցիներու կողմէ:
Վեց ատրպէյճանցի հայցուորները կը պնդեն, որ իրենք կրած են 9 միլիոն տոլար վնաս եւ 330 հազար տոլար ոչ-դրամական վնասներ: Անոնք իրենց դատական ծախսերը գնահատած են շուրջ 65 հազար տոլար՝ 2013ի Հոկտեմբերի դրութեամբ: Ատրպէյճանցի հայցուորներուն ներկայացուցիչները կը պահանջեն փորձագէտ նշանակել իրենց յաճախորդներուն կրած ընդհանուր վնասը գնահատելու համար:
Միւս կողմէ, հայցուոր Մինաս Սարգսեան փոխհատուցում պահանջած է իր ունեցուածքին դիմաց, ներառեալ՝ իր տուն վերադառնալու իրաւունքը: Ան 415 հազար տոլար դրամական վնասի եւ 210 հազար տոլար ոչ-դրամական վնասի պահանջ ներկայացուցած է՝ ի լրումն չնշուած դատական ծախսերը:
Դատարանը՝ ընդունելով այս երկու գործերուն «բացառիկ բնոյթը», վերջնական որոշում չէ կայացուցած փոխհատուցման գումարի կամ «արդարացի գոհացման» վերաբերեալ: Վերին պալատը խնդրած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններէն եւ համապատասխան հայցուորներէն 12 ամսուան ընթացքին «գրաւոր ներկայացնել իրենց դիտողութիւնները այս հարցին վերաբերեալ» եւ «ծանուցանել դատարանին՝ ձեռք բերուած որեւէ համաձայնութեան մասին»:
Ըստ ինծի, Եւրոդատարանի զուգահեռ որոշումները նպատակ ունէին ճնշում գործադրելու երկու երկիրներու կառավարութիւններուն վրայ՝ արագացնելու համար խնդիրի կարգաւորումը բանակցութիւններու միջոցով, որ կրնայ լուծել մնացած բոլոր հարցերը, որոնց շարքին՝ փախստականներու իրաւունքները:
Այս դատական գործերու առաւել կարեւոր, բայց անսպասելի արդիւնքներէն էին երկու գրաւոր տեսակէտները, իւրաքանչիւրը՝ բաղկացած 25 էջերէ, զորս դատաւոր Փաուլօ Փինթօ տը Ալպուկերկէն (Փորթուգալ) կցած էր դատարանի վճիռին՝ ներկայացնելով շատ լուրջ իրաւական հիմքեր Արցախի անկախութեան համար. «Որեւէ ժամանակ, երբ երկրի բնակչութեան մէկ մասը ներկայացուած չէ իր կառավարութեան կողմէ եւ բնակչութեան իրաւունքները շարունակաբար կը խախտուին իր սեփական կառավարութեան կողմէ… զոհ դարձած բնակչութիւնը «որպէս մէկ վերջին միջոց՝ կրնայ դիմել ապստամբութեան ընդդէմ բռնակալութեան եւ ճնշումներու»՝ ըստ Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի նախաբանի հզօր ձեւակերպման»: Դատաւորը նաեւ գրած է, որ երբ պետութիւնը շարունակաբար կ՛ոտնահարէ իր կազմէն դուրս եկած բնակչութեան իրաւունքները, ապա մէկ այլ պետութեան համար օրինական է ռազմական գործողութեան ձեռնարկումը՝ ի նպաստ անջատուած բնակչութեան, վերջինիս կողմէ իր տարածքին մէջ վերահսկողութիւն հաստատելէ եւ իր անջատումը հռչակելէ ետք:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը