ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր».- Ծանր մթնոլորտի եւ ահաւոր ճնշումներու կլիմայի մէջ, առաւօտեան կանուխ ժամերուն, իր աւարտին հասաւ Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական միութեան գագաթնաժողովը: Առաջին իսկ վայրկեանէն յայտնի էր ճնշումներու եւ պահանջներու խիստ քաղաքականութիւն, որ որդեգրուեցաւ Յունաստանի վարչապետին հանդէպ: Երկու առանձնակի հանդիպումներ տեղի ունեցան վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի եւ Անկելա Մերքելի, Ֆրանսուա Հոլանտի եւ Տոնալտ Թուսքի միջեւ, գագաթնաժողովի դադարներուն ընթացքին: Ըստ մամլոյ տեղեկութիւններու՝ Ալեքսիս Ցիփրասին կ՛ուզեն պարտադրել 50 միլիառ եուրօ գումարի արժէքով յունական գոյգի փոխանցումը Լիւքսեմպուրկի յատուկ ընկերութեան մը, վարկի մարման գործընթացի ապահովման նպատակով: Իրավիճակը ծանրօրէն բեւեռացաւ լոյսին տակ նման պահանջքներու, որոնք մերժելի են Յունաստանի կողմէ եւ կը միտին արժէզրկել ու խոցել յունական պետութիւնը:
Յունաստանը խստօրէն տագնապեցնող տնտեսական պայքարի վերջին պահերը ընթացան անցնող շաբաթավերջին, Պրիւքսէլի մէջ, ուր Շաբաթ օրուան Եւրոգօտիի տնտեսութեան նախարարներու խորհրդաժողովին յաջորդեց Կիրակի օրուան քաղաքական ղեկավարներու խորհրդաժողովը, երկրին համար տնտեսական ծանր միջոցներու որդեգրման անմիջական պահանջով:
Յունական կողմը ներկայացուց իր առաջարկները, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու տնտեսութեան նախարարներու զօրակցական կեցուածքներով, այսուհանդերձ՝ հսկայական այս ճիգին հակասելու եկաւ Գերմանիոյ տնտեսութեան նախարարի եւ իր «հետեւորդներու» (օրինակ ֆինլանտացի նախարարի) կոպիտ կեցուածքը:
Նշենք, որ մթնոլորտը արդէն խանգարուած էր, երբ ի յայտ եկաւ Գերմանիոյ տնտեսութեան նախարար Վոլֆկանկ Շոյպլէի հնգամեայ ծրագիր մը, ըստ որուն մարդասիրական ծրագիր մը կրնար իրագործուիլ Յունաստանի համար, պայմանաւ որ երկիրը լքէ եուրօ դրամանիշը… Յունաստանի կառավարութիւնը կտրուկ մերժեց նման տարբերակ:
ԿՐԱԿԻ ԵՒ ԵՐԿԱԹԻ ՄԻՋԵՒ
Եւրոգօտիի նախարարները լուրջ մտահոգութիւն յայտնած են, թէ արդեօք Յունաստան կարողութիւնը պիտի ունենա՞յ իրականացնելու պահանջուած բարեփոխումներու ծրագիրը, անվստահութիւն յայտնելով կառավարութեան յետագայ քայլերուն ուղղութեամբ: Այս իմաստով ալ, կառավարութեան դէմ լուրջ խոչընդոտ էր, երկու օր առաջ Յունաստանի խորհրդարանին մէջ կայացած քուէարկութիւնը, երբ համաձայնագրի կայացման ի նպաստ քուէարկեց պատգամաւորներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, սակայն իշխող կուսակցութեան կարեւոր թիւ մը դէմ կանգնեցաւ, յանձինս՝ խորհրդարանի նախագահուհիին, երկու նախարարներու եւ 14 երեսփոխաններու: Այս իրավիճակը յայտնի է թէ արագընթաց զարգացումներ եւ փոփոխութիւններ կը վերապահէ կառավարութեան համար:
ՊԱՌԱԿՏՈՒՄ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ԵՒ ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԻՋԵՒ
Յունաստան պառակտում կը բերէ Պրիւքսէլի եւ Պերլինի միջեւ: Աթէնքի վարկատուները երբեք դարձեալ նման պառակտուած վիճակ չդիմագրաւեցին, որքան վերջին 24 ժամուան ընթացքին: Պառակտիչ հարցը՝ համաձայնագիրի ընդունո՞ւմ կամ Յունաստանի «առժամեայ» վտարում Եւրոգօտիէն… Առաջին պարագային ի նպաստ դասուեցան Ֆրանսա եւ Իտալիա, մինչ երկրորդին յամառօրէն պնդեցին Գերմանիա եւ իր դաշնակիցները, հիմնականօրէն Յունաստանի «պատիժը» հետապնդելով, ինչպէս եւ օրինակելի պարագայ մը՝ ապագայ այլ «ապստամբներու» դէմ:
Գերմանական Die Welt թերթը դիտել կու տայ թէ Յունաստանի վտարման տարբերակը յառաջ քշող Գերմանիոյ պնդումներուն աջակցեցան 8 այլ երկիրներ՝ Էսթոնիա, Լաթվիա, Լիթուանիա, Հոլանտա, Պելճիքա, Ֆինլանտա, Սլովենիա եւ Սլովաքիա: Grexit-ի դէմ դասուած են Ֆրանա, Իտալիա եւ Կիպրոս, ինչպէս եւ Եւրոպական խորհրդարանն ու Քոմիսիոնը: Միջին թէզ մը կը պաշտպանեն Մալթա, Լիւքսեմպուրկ, Սպանիա, Փորթուկալ, Իրլանտա, ինչպէս եւ Եւրոգօտիի նախագահ Երուն Տայսելպլում: Չէզոք է միայն Աւստրիան:
Կարեւոր այս տարբերութիւնները ի յայտ եկան նաեւ օգտագործուած բառամթերքէն: Ֆրանսուա Հոլանտ՝ խօսելով Յունաստանի առաջարկներուն մասին, զանոնք բնորոշեց «հաւաստի եւ լուրջ», մինչ Վոլֆկանկ Շոյպլէ «անբաւարար եւ անյոյս»: Անկելա Մերքել եւս իր կարգին խօսեցաւ անվստահութեան մթնոլորտի մասին:
Գործընթացը աշխուժացած է, հիմնականօրէն կեդրոնանալով Յունաստանի դրամատուներու համակարգի վերականգնման ճիգին վրայ:
Երէկուան բեւեռացած մարաթոնային խորհրդաժողովներէն ետք, այսօր կէսօրին դարձեալ կը հանդիպին Եւրոգօտիի անդամները, ակնկալուող անմիջական արդիւնքներու պահը սակայն յետաձգելով՝ շաբթուան մէջ ծրագրուած երկու նոր հանդիպումներու: