Ermenihaber.am.– Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդային կուսակցութենէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է վերջին օրերուն Թուրքիոյ մէջ ատելութիւն ու ցեղապաշտութիւն բովանդակող յայտարարութիւններուն։
Կարօ Փայլան ըսած է, որ Անիի, Ատանայի մէջ տեղի ունեցած դէպքերն ու հնչած արտայայտութիւնները ատելութեան դրսեւորումներ եւ ոճիրներ են՝ նշելով, որ այդ դէպքերուն առնչութեամբ որեւէ իրաւական գործընթաց չէ կատարուած:
Յիշեցնելով, որ Թուրքիոյ մէջ շատ քիչ թիւով հայեր մնացած են, Փայլան նշած է, որ այդպիսի յայտարարութիւնները հայերը կը ստիպեն շարունակել «աղաւնիի անհանգստութեան» մէջ ապրիլ:
«Մեր օրէնքներուն մէջ պէտք է ուշադրութիւն դարձուի «ատելութեան լեզուին» ու անոր նկատմամբ աւելի խիստ պատիժներ կիրառուին», յայտարարած է հայ երեսփոխանը։ Փայլան աւելցուցած է, որ յառաջիկայ օրերուն ատելութեան լեզուին համար աւելի խիստ պատիժներ սահմանող օրինագիծ պիտի ներկայացնեն խորհրդարանի ղեկավարութեան՝ ակնկալելով նաեւ միւս կուսակցութիւններուն աջակցութիւնը:
«Այս իրադարձութիւններուն լոյսին տակ ձեր անձին համար մտահոգ չէ՞ք» հարցումին ի պատասխան Փայլան ըսած է. «Անձնական անհանգստութիւն չունիմ, սակայն հայ համայնքը շատ անգամներ զոհ գացած է նման ոճիրներու։ Չենք ուզեր, որ կրկին ցեղասպաշտական ալիք բարձրանայ: Երբ այդ ատելութեան խօսքերուն համար պատիժ ճշդուի, այն ժամանակ ապահով պիտի զգանք: Հակառակ պարագային «աղաւնիի անհանգստութիւնը» պիտի շարունակու»ջ։
Աւարտին՝ նշելով, որ Չինաստանի մէջ ույղուրներուն նկատմամբ կիրառուող գործողութիւնները ինք ալ կը դատապարտէ, Փայլան Թուրքիոյ քաղաքական գործիչներուն կոչ ուղղած է՝ այս հարցին մէջ ալ ձեռք ձեռքի տուած դատապարտելու ատելութեան դրսեւորումները: