ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 1 Յուլիսին ընդունած է ամերիկահայ բարերարներ Նաճարեաններու ընտանիքի անդամները՝ բժիշկ-բարերարներ Վարդգէս եւ Մերի Նաճարեանները, անոնց որդին՝ Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեանը, անոր կինը եւ որդին՝ Փալմիրա եւ Քրիստոֆըր Նաճարեանները:
Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման իմաստով ունեցած նշանակալի աւանդին, երկարամեայ բարեսիրական եւ մարդասիրական գործունէութեան համար բարերարներ Վարդգէս եւ Մերի Նաճարեանները նախագահ Սարգսեանին կողմէ պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւնների համար» երկրորդ աստիճանի շքանշանով: Նախագահը շնորհաւորած է Նաճարեաններուն գործունէութիւնը ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, շնորհակալութիւն յայտնած է հայութեան ամէնէն դժուար հանգրուաններուն անոր կողքին ըլլալնուն համար՝ 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժէն մինչեւ արցախեան ազատամարտի տարիներ, երբ վտանգելով իրենց կեանքը անոնք կ՛աշխատէին խրամատներու մէջ եւ վրաններու տակ՝ փրկելով հարիւրաւոր զինուորներու կեանքեր։ Ան յատուկ կերպով երախտագիտութիւն յայտնած է հայրենիքին զօրավիգ ըլլալնուն, Հայաստանին ու Արցախին իրենց մասնագիտական գիտելիքներով եւ կարողութիւններով, մեծաթիւ նուիրատուութիւններով աջակցելուն համար: Նախագահը ընդգծած է. «Մեր ժողովուրդը ամերիկահայ բարերարների հայրենանուէր գործունէութիւնը չափազանց բարձր է գնահատում»:
Նաճարեաններու ընտանիքի անդամները շնորհակալութիւն յայտնած են նախագահին՝ զիրենք հայրենիքի բարձր պարգեւին արժանի նկատելուն համար՝ նշելով, որ մեծ պատիւ եւ պատասխանատուութիւն է նման պարգեւ ստանալը եւ վստահեցուցած են, որ այսուհետեւ ալ պիտի շարունակեն ամուր պահել կապը մայր հայրենիքին հետ՝ իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար ըլլալով Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.